Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

Ելեկտրոնային գործիքներու պաստառներու դարաշրջանին նոր սերունդի մօտ ընթերցանութեան հանդէպ սէրը կ՚անհետանայ։ Լեհաստանէն լուսանկարիչ Իվոնա Փոտլասինսքա աշխարհը կը շրջի եւ կը յաւերժացնէ այն հմայքի պահերը, երբ երեխաները կը սուզուին գիրքերու էջերուն մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

1967 թուականի յունիսին, երբ Իսրայէլ միաժամանակ (եւ, ի դէպ, յաջող) պատերազմ կը վարէր Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ այլ երկիրներու դէմ, Անգլիայէն լրագրող մը դիմած էր իր երկրի նախկին վարչապետ Հարըլտ Մաքմիլանին՝ հարցնելով, թէ ի՞նչ կը մտածէ Միջին Արեւելքի խնդրի մասին։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

Սթոքհոլմի միջազգային խաղաղութեան հետազօտութիւններու կաճառը (SIPRI) վերջերս հրապարակեց տեղեկագիր մը, որու բովանդակութեան մէջ յստակօրէն կը ցոլանայ կլոպալ զինման ահաւոր մրցավազքի հասած մակարդակը։

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

Թուրքիա եւ Իրաք շփումները կը խորացնեն՝ ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի բարդ ու ծաւալուն օրակարգով:
Հաքան Ֆիտանի, Եաշար Կիւլէրի, Իպրահիմ Քալընի եւ Միւնիր Քարալօղլուի համատեղ Պաղտատ այցելութիւնը:

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

Սեփական թղթակցութիւն.-
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնատեղիի դահլիճէն ներս առիթն ունեցայ մասնակցելու ԿՈՄԻՏԱՍ՝ երաժիշտ եւ բանաստեղծ խորագրեալ համերգին, որ կ՚ընդգրկէր մեծ Վարդապետի մշակումները եւ Վահան Արծրունիի՝ «Կոմիտաս՝ տասը յայտնութիւն» երգաշարը, գրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ:

Ուրբաթ, Մարտ 15, 2024

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ:
Անգարա եւ Մոսկուա բաղդատեցին իրենց տեսակէտները՝ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան կապակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) համամիութենական ու համագործակցութեան յանձնախումբի անդամները։

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

Զուիցերահայ յայտնի գործարարը ընդունուեցաւ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին կողմէ:
Վահէ Կապրաշ Վահագն Խաչատուրեանին եւ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց իր նախաձեռնութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

Թուրքիա-Իրաք առանցքի աշխուժութիւնը մինչեւ յաջորդ ամսավերջ պիտի հասնի գագաթնակէտին:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան 12 տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ պիտի այցելէ Պաղտատ:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

Անգարա Ուաշինկթընին տեղեկացուցած է, որ կը խրախուսէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը:
Լուիս Պոնօ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Մոսկուայի բանբերները հետզհետէ կը սաստկացնեն հակազդեցութիւնները: Իլհամ Ալիեւ կրկնեց աջակցութիւնը տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին ի նպաստ:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի երեսուներկրորդ օրն է:
Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը պահքի ինչութիւնը հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ, ըսելով, թէ՝ «պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսօր կրկին,
Արեւելեան հեքիաթի նման,
Վախիս ձայներէն հիւսուած բառերովս,
Առանց աւելորդ զարդարանքի,
Կեանքիս նոր էջ մը բանալ փորձեցի։

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր ալ մեր կեանքին մէջ, եթէ երբեք երբեմն կը վիրաւորուինք Եկեղեցւոյ մէջ, այդ վիրաւորանքը ո՛չ թէ վիրաւորելու համար է, ցաւցնելու համար է, այլ՝ ուղղելու համար, շիտակ ճամբան ցոյց տալու համար է: Եւ երանի՜ անոնց, որոնք կը գտնեն այդ ուղղութիւնը իրենց կեանքին մէջ եւ չեն ըսեր, վա՛ղը կը նայինք թէ ինչ կ՚ըլլայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կորուսեալ ծննդավայր Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղի պատկերները ապրեցնելով իր գրականութեան մէջ՝ գրող Բենիամին Նուրիկեանը նոր ընկալումներ բերած է կարօտի գրականութիւն:

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց՝ որ հարստութիւն ունին… Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ…». (ՄԱՐԿ. Ժ 23-25)։

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ Երուանդ Օտեան հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկն է՝ իր «Փանջունի»ով, «Ազգային բարերար»ով, «Թաղականին կնիկ»ով եւ այլ գործերով, որոնք երկար ժամանակ իրենց յատուկ տեղը պիտի ունենան գրականութեան մէջ: Սակայն պէտք է ըսել, որ Օտեանի գրական առաջին քայլերը, իր իսկ վկայութեամբ, ձախողութեան շրջան մըն էր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024

Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ եռակողմանի ձեւաչափով բարձր մակարդակի քննարկումները յառաջիկայ օրերուն թափ պիտի ստանան։ Այսպէս, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն կ՚ազդարարէ «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար» ծրագրի մեկնարկը:
Դւոյեան. «Նախագիծը պէտք է ստեղծուի ԵԽ լեզուներու իմացութեան եւ գնահատման ընդհանուր շրջանակի հիման վրայ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024

Փաշինեան. «Հայաստան պէտք է օրակարգ ունենայ Թուրքիոյ հետ ու զայն չընկալէ Ատրպէյճանի միջոցաւ»:
«Երեւան-Պաքու գործընթացին մէջ իրականութիւնը այն է, որ Անգարայի ներկայութիւնը տեսանելի եւ զգալի է»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2024

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուի։
Երէկ երեկոյեան, նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դիւանագիտական շրջանակներուն համար կազմակերպուած Իֆթարի սեղանին ընթացքին։

Էջեր