Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Գիտէի, որ Աստուած կայ՝ գոյութիւն ունի, քանզի Անոր անունը մեր տունի մէջ շատ կը գործածուէր: Սակայն պատկերացում չունէի, թէ ո՛ւր կը բնակի Տէրը, ինչպէ՛ս կրնամ զինքը ճանչնալ ու սիրել:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

8 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի 33-րդ առցանց լսարանը: Օրուան հիւր դասախօսն էր, հայրենի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, որ նախ ներկայացուց արեւմտահայ լեզուի եւ հայագիտական ուսումնառութեան ներկայ իրավիճակն ու մեր կրթական մրցունակ ցանցի ու կրթական միասնական ծրագիրի բացակայութիւնը եւ ապա սպառիչ մատնանշումներով մասնակիցներու հարցումներուն պատասխաններով, գոհացուց արեւմտահայ մտահոգ բոլոր միտքերը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք՝ այցելելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Փաքիստան խորհրդարանի նախագահներու մակարդակին վրայ երէկ հռչակագիր մը ընդունեցին Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ երէկ Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ասատ Քաիսէրի հետ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքը, նուիրական տեղ մը ունեցած է բազմաթիւ հայ հաւատացեալներու սրտերէն ներս։ Մեր ընտանիքին համար եւս ունի նուիրական յիշատակ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021

Հոգելոյս մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակին առթիւ յոբելենական յատկանշական ձեռնարկ:
Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը փայլուն երաժշտահանդէսով մը վերյիշեց իր երախտաշատ հիմնադիրը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ ապրած հայ գրող եւ մտաւորական Գամառ Քաթիպա, գուցէ տեսնելով հայազգի անտարբեր մեծահարուստները, յանդուգն եւ խիզախ ձեւով կը յայտարարէր. «Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չի կայ, թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ո՜վ սիրելիք»1:
Լուծմունք.
որովհետեւ Քրիստոս մեզ Ղազարոսին պէս սիրեց, այդ պատճառով մենք կը հրաւիրուինք:

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչ մեծ անուններ ունինք, որոնք թաքնուած են։ Թաքնուած ծաղիկներու պէս, որոնք ինկած են ու գլուխ խոնարհած անշուք վայրի մը մէջ, յետոյ պահ մը ետք նոր շունչ առած ու նոր ծիլ տուած։ Անուններ ունինք, որոնց հետքը անջնջելի է ոչ միայն այն պատճառով, որ այդ մարդիկ մեծ աւանդ թողած են, գաղափարի մը հաւատացած են, նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհած են յանուն այդ գաղափարին, այլ անոր համար, որ անոնք ունեցած են այնպիսի վսեմական հոգիով հետեւորդներ, որոնք շարունակած են իրենց աւանդը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի կը լրանայ անուանի լեզուաբան, բառարանագիր եւ գիտնական Հրաչեայ Աճառեանի 145-ամեակը: Հիմնուելով լեզուաբանին յուշերուն վրայ, ժամանակին անդրադարձած էինք Պոլսոյ անոր կեանքին եւ գործին մանրամասնութիւններուն, բայց ծանօթ է, որ Հրաչեայ Աճառեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է նաեւ Փարիզը, ուր ան 1895 թուականին կը մեկնի բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու «Սորպոն»ի համալսարանին մէջ, ուր կ՚աշակերտէ Անթուան Մէյէին, իսկ 1898 թուականին Սթրազպուրկի մէջ՝ Հ. Հիւպշմանին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններով յիշատակուեցան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիր եւ հովանաւոր պատրիարքները։ Արարողութեանց նախագահեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

«Եկեղեցին եւ սահմանադրական մշակոյթը» խորագրեալ շահեկան ձեռնարկ մը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
«Հանրային համերաշխութիւնը հաստատուն է արդարութեամբ, իրաւունքի եւ օրէնքի անխտրական գործադրմամբ»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ նշանակուած զօրավար Արշակ Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ նիւթեր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մահուան դառն իրականութեան առջեւ յաճախ անխօսութեան կը մատնուինք։ Սակայն կու գայ պահ մը երբ լռակեաց վիճակը իր վախճանին կը հասնի ու կը վերածուինք խօսող, արտայայտուող անձերու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Պատրիարքական աթոռը՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ու մասնակցութեամբ Աթոռոյ միաբաններուն եւ քահանայից դասու անդամներուն, երեքշաբթի, յուլիսի 20-ին, ժամը 10.00-ին, հրաժեշտ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երէց անդամներէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Եղիա եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Թրքահայ համայնքային շրջանակները օրերէ ի վեր կը սգան Լէօ Հալէբլիի անժամանակ մահը։ Անցեալ շաբթուան արձակուրդի օրերուն ան հազիւ քառասուն տարեկանին եղաւ յանկարծամահ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Պոլսոյ Աթոռի այն երջանկայիշատակ գահակալները, որոնք վերջին տասնամեակներուն օրհնած են Կազդուրման կայանի առաքելութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Կղզեաց տեսուչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած Ողիմպիականներու բացման մասնակցելու համար մեկնած է Ճաբոն, ուր կ՚ունենայ զանազան շփումներ։ Հայ մարզիկները խրախուսելու առընթեր, Արմէն Սարգսեան ճաբոնական զանազան յառաջատար փորձագիտական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցութիւններ ալ կ՚ունենայ՝ մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Թրքահայ համայնքը անցեալ շաբթուան դադարի օրերուն ենթարկուեցաւ զգացական մեծ ցնցումի մը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գնաց պոլսահայ մամլոյ վաստակաշատ սպասաւորներէն Կարօ Համամճեան, որ երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէր մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի անձնակազմին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 26, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան, պաշտպանութեան գծով ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոն, որ վերջերս այցելեց Երեւան։

Էջեր