ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔ

Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի առաջին ժողովի լոյսին տակ խորհրդածութիւնները կը շարունակուին։ Մոսկուայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս հարթակի առաջին հանդիպումը՝ «3+3»ի փոխարէն «3+2» ձեւաչափով։ Թուրքիա, Ռուսաստան, Իրան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան արդէն յօժարած են այս հարթակին վկայ հանդէս գալ, իսկ Վրաստան՝ ոչ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վերլուծութիւն մը հրապարակուեցաւ ռուսական «Ռեկնում» գործակալութեան կողմէ, որու խմբագիրն է կովկասագէտ Ստանիսլաւ Թարասով։ Այս վերջինը Հարաւային Կովկասի պարագային աշխարհաքաղաքական նոր կերպարանք որակած է սոյն հարթակը։ Ան կը յիշեցնէ, թէ 2008 թուականի օգոստոսին Կովկասի մէջ ծագած պատերազմէն վերջ Անգարա հանդէս եկած էր տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր համակարգի մը ստեղծման առաջարկով։ Այդ ժամանակ այս մասին շատ խօսուած էր զանազան հարթակներու վրայ եւ նոյնիսկ որոշ ջանքեր գործադրուած էին։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կ՚ընթանար ֆութպոլի դիւանագիտութիւնը, որմէ վերջ 2008-ին ստորագրուած էին Ցիւրիխի արձանագրութիւնները։ Այդ տարիներուն Միացեալ Նահանգներ յայտարարած էր, որ Ռուսաստանի կողմէ Աբխազիայի եւ Հարաւային Օսեթիայի անկախութեան ճանաչումը փոխած է ուժերու հաւասարակշռութիւնը տարածաշրջանէ ներս եւ Թուրքիան կը դիտարկուէր որպէս իր շահերու հիմնական ուղղորդող։

Նախագծի այդ տարբերակին մէջ շատ կնճռոտ նիւթեր կային։ Ամերիկացիները կը խթանէին Կովկասէ ներս Անգարայի նկրտումները՝ Եւրոմիութեան անոր համարկման գործընթացը արագացնելու խոստումներով։ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ձախողումն ալ այդ իրավիճակին մէջ ա՛լ աւելի բարդացուցած էր ամէն ինչ։

Ըստ վերլուծութեան, այժմ՝ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Թուրքիա վերադարձաւ իր Կովկասի վերաբերեալ նախագծին՝ մինչ Ատրպէյճան վերստին տիրացաւ իր կորսնցուցած տարածքներու վերահսկողութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յայտնուեցաւ Ռուսաստանի խաղաղապահներու զօրակազմը։ Արեւմտեան մամուլէն մէջբերումներ ընելով, վերլուծաբանը շեշտած է, որ 44-օրեայ պատերազմը հերթական անգամ ապացուցանած է, թէ ԱՄՆ եւ իր եւրոպացի գործընկերները այլեւս չեն որոշեր Կովկասի քաղաքականութիւնը։ Կարեւոր գործօններէն մին ալ այն է, թէ Ռուսաստան եւ Իրան կ՚աջակցին Թուրքիոյ նախագծին, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Վրաստան այս ձեւաչափին դէմ գտնուեցաւ՝ Ռուսաստանի մասնակցութեան եւ ԱՄՆ-ի ու Եւրոմիութեան բացակայութեան պատճառով։ Մոսկուա, իրականութեան մէջ, այժմ կը վերակենդանացնէ Անդրկովկասէ ներս պատմական Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան եռանկիւնի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը։ Ռուսական կողմը սա կը համարէ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար գլխաւոր երաշխիք։ Վերլուծաբանը դիտել կու տայ նաեւ, որ այս փուլին մէջ կան դիւանագիտական կարեւոր նրբերանգներ։

Ռուսաստանի աջակցութեամբ այս ձեւաչափին կը տրուի տարածաշրջանի խնդիրները լուծելու ուղղեալ խորհրդատուական մարմնի կարգավիճակ։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Մոսկուա-Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի պայմանաւորուածութիւններու տեսակ մը շարունակութեան համատեսքին մէջ է այս բոլորը։ Վերլուծաբանի ընդհանուր մօտեցումը այն է, որ Վրաստանի տեսակէտէ ալ տակաւին ամէն ինչ առջեւը կը գտնուի։

«Ճշմարտութիւնը այն է, որ Անդրկովկասէ ներս աշխոյժ գործընթացներ տեղի կ՚ունենան եւ վաղ թէ ուշ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները պէտք է կարեւոր որոշումներ կայացնեն՝ հեռու խորհրդանշականէ», նշուած է Թարասովի մեկնաբանութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021