ԵՐԵՒԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Մինչ այդ, խորհուրդի քարտուղարը՝ Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է այցելելու Պաքու եւ Անգարա։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճան արդէն Գորիս-Կապան ճանապարհին մաքսակէտերը տեղադրած է եւ Հայաստանն ալ համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկէ։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը պատրաստ է այցելելու թէ՛ Պաքու եւ թէ Անգարա՝ քննարկելու տարածաշրջանային հարցերը:

Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, ան նշեց, որ Երեւան հայ-թրքական յարաբերութիւններու քննարկումը կը տեսնէ երկկողմ ձեւաչափով, բայց, եթէ առիթ ըլլայ այս հարցը քննարկելու «3+3» ձեւաչափով, ապա այդ պարագային յիշեալ հարթակն ալ պիտի օգտագործուի։ «Անհրաժեշտութեան պարագային, մենք պատրաստ ենք մեկնիլ Անգարա եւ Պաքու, ինչպէս նաեւ ընդունիլ այս երկիրներու պատուիրակութիւնները Երեւանի մէջ», յայտնեց Գրիգորեան: 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2021