ԵՀԽ-Ի ՔԱՌԼՍՌՈՒԷԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ երէկ եզրափակուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան ընտրուած է ԵՀԽ-ի փոխ-ատենապետ։ Հարկ է նշել, որ ԵՀԽ-ի ատենապետն ու երկու փոխ-ատենապետները ընդհանուր քարտուղարին հետ միասին կը ղեկավարեն համաքրիստոնէական այս կառոյցի կեդրոնական կոմիտէն՝ վարելով կեդրոնական ու գործադիր կոմիտէներու նիստերը։

Մինչ այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը ԵՀԽ-ի համագումարի ընթացքին պաշտօնական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի, արցախահայութեան եւ անոր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ՝ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու ամբողջին մէջ։ ԵՀԽ-ի 11-րդ համագումարի այս արձանագրութիւնը ստորագրուած է՝ 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքներու լոյսին տակ։ Արձանագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Ի հետեւումն 2020 թուականի աշնան Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի համար մղուած, վեց շաբաթ տեւած ծանր պատերազմին՝ ԵՀԽ-ի գործադիր յանձնախումբը ընդունեց յայտարարութիւն՝ աղօթելով իմաստութեան, միասնութեան ու հանդարտութեան համար եւ սգալով բոլոր անոնց հետ, որոնք սարսափելի կորուստներ կրած են ո՛չ միայն սեպտեմբերի 27-էն ի վեր վերստին սանձազերծուած պատերազմին մէջ, այլեւ՝ տարածաշրջանէն ներս ինքնորոշման համար մղուած պայքարի երկար պատմութեան ընթացքին՝ իւրաքանչիւր թանկագին կեանքի կորուստի հետ աւելի խորացնելով թշնամանքը»։

ԵՀԽ դատապարտած է քիմիական զէնքերու եւ քասեթային ռումբերու կիրառումը, քաղաքացիական անձերու, հիւանդանոցներու եւ հասարակական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը ու բոլոր այլ տեսակի պատերազմական յանցագործութիւնները, մարդկանց գլխատումը, չարչարանքներու ենթարկումը եւ այլ տեսակի բռնաճնշումները, որոնք արձանագրուած են հակամարտութեան ընթացքին։ ԵՀԽ նաեւ կոչ ուղղած է յարգանք դրսեւորել Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախի սրբավայրերու եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ՝ նկատի առնելով այդպիսի վայրերու սրբապղծման մասին բազմաթիւ զեկոյցները։

Արձանագրութեան մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ հակամարտութեան դադրումէն գրեթէ երկու տարի անց հարիւրաւոր էթնիք հայեր տակաւին ապօրինաբար կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ՝ ոտնահարելով ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւի պայմանագիրը։ Մինչ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Ուքրայնայի հակամարտութեան վրայ, Ատրպէյճանի ուժերը փաստացի նոր վայրագութիւններ կ՚իրագործեն ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան սահմաններուն դէմ։ Որպէս հետեւանք կը շարունակեն զոհուիլ անմեղ մարդիկ եւ գերեվարուիլ նորերը։ Աւելին, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական ու մարդու իրաւանց վերաբերեալ օրէնքներու ոտնահարման համար պատասխանատուութեան պահանջը, ինչ որ բազմիցս արձանագրուած է «Human Rights Watch», «BBC», «The Guardian» եւ շատ այլ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու կողմէ, դժբախտաբար չէ կատարուած կամ յանձն չէ առնուած։

Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ կազմակերպուած ԵՀԽ-ի 11-րդ համագումարը.

- Կը դիմէ ՄԱԿ-ին, Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, միջազգային իրաւունքի համաձայն, բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման համար։

- Կրկին մտահոգութիւն կը յայտնէ տարածաշրջանի սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ եւ կոչ կ՚ուղղէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին ու միջազգային հանրութեան բոլոր անդամներուն՝ ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր եւ համապատասխան միջոցներուն այդ սրբավայրերը պաշտպանելու համար։

- Կոչ կ՚ուղղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բովանդակալից երկխօսութեան սկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ կարգաւորման համար։

- Կը խնդրէ ԵՀԽ-էն եւ ԵՀԽ-ի անդամ բոլոր եկեղեցիներէն շարունակել հաւատարիմ մնալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի եկեղեցիներու եւ ժողովուրդի նկատմամբ քրիստոնէական համերաշխութեան՝ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու իրենց ձգտման ճանապարհին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022