ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԷԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հայաստանէն «Նարեկացի» նուագախումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ քաղաքիս մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր յայտնի մշակութային գործիչ Սեզար Աւետիքեանի ջանքերով։ «Նարեկացի» արուեստի միութեան, «Աւետիքեան» բառարանի եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ համերգը՝ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ» Քենթ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Գեղարուեստական ղեկավար Արտեմ Խաչատուրի մականին ներքեւ «Նարեկացի» նուագախումբը գործադրեց շուրջ երկու տասնեակ ժողովրդական կտորներէ բաղկացեալ յայտագիր մը։

Համերգի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սեզար Աւետիքեան։ Ամբողջ երեկոյթի տեւողութեան սրահին մէջ կը տիրէր խանդավառութիւն։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ մեներգչուհի Թաթիանա Պոստան։

Համերգի աւարտին, Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ, Սեզար Աւետիքեանի ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեանին, Արտեմ Խաչատուրին եւ Թաթիանա Պոստանին։ Իր կարգին, Նարեկ Յարութիւնեանն ալ խաչքար մը նուիրեց Սեզար Աւետիքեանին։

Համերգի վառ տպաւորութեան ներքեւ, արձակման ժամանակ բոլոր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին նուագախումբի արուեստագէտները, որոնց նկատմամբ արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018