ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԷՆ ԿՈՉ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երկար ժամանակէ ի վեր կարեւոր աշխատանք կը տանի կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները մեծ եռանդ ի գործ կը դնեն՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան ու երկարաժամկէտ արժեւորման նպատակով։ Թաղային խորհուրդը միշտ կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, որ կալուածներու հասոյթէն օգուտ պէտք է դուրս բերուի մեր ամբողջ համայնքին՝ մասնաւորապէս մեր վարժարաններուն համար։

Այս բոլորի մղումով Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը միջոցէ մը ի վեր յառաջ կը տանի եկեղեցապատկան երեք շէնքի նոյնաժամանակ վերանորոգութեան ծրագիրը։ Արդարեւ, կալուածները լաւագոյնս արժեւորելու եւ հասոյթի իմաստով առաւելագոյն արդիւնքը քաղելու համար նախապայման մըն է՝ անոնք վարձել խնամեալ վիճակով, պատշաճ ֆիզիքական պայմաններով։ Ուստի, Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները խորաթափանց պատկերացուցած են, որ երկարաժամկէտ առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար անհրաժեշտ է ընել զոհողութիւն, իրականացնել ներդրումներ, որպէսզի յարմարագոյն վիճակի մէջ վարձուին այդ կալուածները։ Այս պարագային խօսքը կը վերաբերի երեք առանձնատան։ Հասկնալի է, որ այդ առանձնատուները ուրոյն դիմագիծի պահպանումով կը նորոգուին, բոլոր պատշաճութիւններն ու ստիպողութիւնները հաշուի կ՚առնուին, ինչ որ կ՚ենթադրէ նաեւ որոշ պիւտճէ մը։ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը այս ամբողջ աշխատանքին ձեռնարկած է՝ ի սկզբանէ նիւթական միջոցներու հաշուեկշիռները եւ գործընթացի փուլերու հաւասարակշռութիւնները նկատի ունենալով։ Թաղային խորհուրդը այնպէս մը ծրագրած է, որ առաջին հերթին շէնքերէն մէկուն վերանորոգութիւնը աւարտի, ապա այդ մէկը վարձուի եւ ապահովուելիք հասոյթով շարունակուին մնացեալ վերանորոգութեան ու շինարարական աշխատանքները։ Տրամաբանականօրէն հիմնաւորուած այս հաշուարկները, դժբախտաբար, ներկայիս գործնականօրէն չեն արդարացած։ Թէեւ պատճառները բոլորովին անկախ են թաղային խորհուրդէն, սակայն ներկայիս յառաջացած բարդութիւնները, նիւթական անբաւարարութիւնները պատճառ կը դառնան, որ աշխատանքները կաղան։ Հրապարակի պայմանները այնպիսի անկանխատեսելի վերիվայրումներ արձանագրած են, որ թաղային խորհուրդը կարելիութիւնը չէ ունեցած՝ վարձակալութեան տալու այն շէնքը, որու շինարարութիւնը արդէն աւարտած է։ Ուստի, միւս վերանորոգութիւններու յարատեւութեան համար ակնկալուած հասոյթէն ալ զրկուած է ան, ինչ որ անել վիճակ յառաջացուցած է։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ներկայիս մեծ ջանք կը գործադրեն, որպէսզի հեռանկարային նշանակութեամբ այս շինարարական աշխատանքներու առկայ կաղացումները ժամանակաւոր դժուարութիւններու պատճառով սպառնալիքի մը չվերածուին բուն նպատակին տեսակէտէ։

Այս բոլորի լոյսին տակ այժմ Գուզկունճուքէն կոչեր կը հնչեն՝ ուղղեալ համայնքային շրջանակներուն, մինչ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգման գանձատրումներուն համար աղբիւրներ կ՚որոնուին։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այս նիւթը բերած է նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) օրակարգին վրայ։ Ատենապետներու առցանց հարթակին վրայ ան բացատրութիւններ տուած է ստեղծուած իրավիճակին շուրջ ու շեշտած՝ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի աջակցութեան ակնկալութիւնը։ Ատենապետ Այվազեան ERVAB-ին դիմելով յոյս յայտնած է, թէ թաղային խորհուրդը օժանդակութիւն ապահովէ կալուածներու արժեւորման այս ծրագրի ընթացքը կայուն հունի մէջ պահելու համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022