ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՓԱԿՈՒԻ ՇՐՋԱՆ ՄԸ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը առաւ զգայացունց որոշում մը, որ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքէն ներս։ Այսպէս, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ յառաջիկայ օգոստոսին հրաժեշտ պիտի տան իրենց պաշտօններուն։ Այս իրադարձութիւնը ցնցած է պոլսահայ կրթական համակարգն ու Էսաեանի մեծ ընտանիքը՝ քանի որ երկու տնօրէնուհիներն ալ միշտ գնահատուած են իրենց յաջող գործունէութեամբ։​

Սաթենիկ Նշան 35 տարիէ ի վեր անընդհատ այս առաքելութեան գլուխն էր ու դարձած՝ կայունութեան եւ նուիրումի խորհրդանշան մը, հայ դպրոցի ծառայութեան ախոյեան մը։ Իր մականին ներքեւ Էսաեան վարժարանը յարատեւ վերելք արձանագրած էր բոլոր ուղղութիւններով։ Առլին Եշիլթեփէ​ եւս նոյն ոգիով ծառայութիւն մատուցած էր՝ իր հերթին բաւական երկար շրջան մը։ Ան ալ անսակարկ​ ներդրումը բերած էր դարաւոր վարժարանի պայծառութեան համար։​

Մինչ այդ, ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս շրջանառութեան մէջ դրուած են կոչեր, որպէսզի Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020