ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ 5 ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՉՈՐՍԻՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇԱԾ Է ԴԻՄՈՒՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ 3-ԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Ան պոլսահայ մամուլին տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած խնամակալութեան առընթեր, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը եւ Գալֆայեան Տան խնամակալութիւնը համատեղ որոշում ընդունած են՝ պատկան իշխանութիւններուն մօտ դիմում կատարելու համար ընտրութեան ձեռնարկելու պահանջով։

Ըստ Թորոս Ալճանի յայտարարութեան, մեր համայնքային վաքըֆները կը ղեկավարուին ընտրութիւններով, որոնք չորս տարուայ պարբերականութեամբ կը վերանորոգուին։ Ներկայիս երկար ժամանակէ ի վեր զանազան պատճառներով մեր հաստատութիւններու ընտրութիւնները տեղի չեն ունեցած։ Այս երեւոյթը վարչայիններու մօտ պատճառ դարձած է յոգնութեան, սպառումի, իսկ համայնքի անդամներու շրջանակներէն ներս ծնունդ տուած է մտահոգութեան ու կասկածներու։ Ալճան մէջբերած է անցեալ ամսուայ սկիզբին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու ընտրութիւնները այլեւս պէտք է կատարուին։

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ 8 ապրիլ 2021 թուականի ժողովին որոշած է դիմում ներկայացնել ընտրութեան համար։ Ալճան կը յիշեցնէ, որ անցեալ տարուայ օգոստոսին ալ իր գլխաւորած խնամակալութիւնը համապատասխան որոշում մը առած էր։ Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ ըստ մեր համայնքի նախընթացներուն՝ հինգ հաստատութիւնները նոյնաժամանակ ընտրութիւն կը կատարեն ամբողջ Իսթանպուլի մէջ՝ ստեղծելով հասարակաց ընտրական մարմին մը։ Այստեղ տրամաբանութիւնը այն է, որ հինգ հաստատութիւնները տեղական բնոյթ չունին, թաղի մը չեն պատկանիր, որովհետեւ անոնց ծառայութիւններէն համայնքի ընդհանուրը կ՚օգտուի։ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի գլխաւորութեամբ՝ հինգ հաստատութիւնները միշտ յառաջատար դերակատարութիւն ունեցած են համայնքային կեանքէ ներս։

Ըստ Թորոս Ալճանի յայտարարութեան, յիշեալ որոշումը առնելէ վերջ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը կապ հաստատած է նաեւ Գալֆայեան Տան խնամակալութեան հետ, որ եւս նմանաբնոյթ որոշում մը առած է 13 ապրիլ 2021 թուակիր նիստին։ Կապ հաստատուած է նաեւ Ղալաթիոյ եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւններուն հետ, որոնք եւս վերահաստատած են մօտեցումը։ Ըստ Ալճանի, ի շարունակութիւն կացութիւնը յանձնուած է Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի նկատառման։ Ան յայտնած է, որ անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններէ վերջ պիտի պատասխանէ։

Հուսկ, յիշեալ չորս խնամակալութիւնները փոխըմբռնումի հասած են, որպէսզի պատկան մարմիններուն դիմում ներկայացնեն՝ 3 հոկտեմբեր 2021 թուականին (կիրակի) ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Այս իրադարձութենէն տեղեակ պահուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուած է իր հաւանութիւնն ու օրհնութիւնները։

Թորոս Ալճանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ համայնքէն ներս ընտրութիւններու առկախուած հարցի լուծման ճանապարհին գործնական միջոցներու դիմելու տեսանկիւնէն։ Նոյն յայտարարութիւնը ունի նաեւ ուշագրաւ այլ երեսակ մը։ Արդարեւ, Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանը վերջերս կարեւոր վճիռ մը արձակած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Ըստ բազմաթիւ իրաւաբաններու մեկնաբանութեան, այդ դատավճիռը ուղղակիօրէն կրնայ արգելքները վերցնել ընտրութիւններուն առջեւ։ Բայց եւ այնպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան իրաւունք վերապահուած է այդ դատավճռին դէմ Վերաքննիչ ատեան դիմելու համար։ Առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման ճանապարհին համայնքէն ներս վերջին շրջանի իրադարձութիւնները առաջին հերթին պայմանաւորուած են այդ իսկ դատավճիռով։ Կարգ մը համայնքային վարիչներ յարմար կը դատեն, որ Վերաքննիչ ատեանի մօտ նախատեսուած բողոքարկման գործընթացի արդիւնքները պէտք է տեսնել գործնական քայլերու ձեռնարկելու համար։ Ուշագրաւ է, որ Թորոս Ալճանի երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ որեւէ ձեւով չէ ակնարկուած Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի այս վերջին յուսադրիչ դատավճռին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ

Միւս կողմէ, սոյն յայտարարութեան կապակցութեամբ երէկ դիմեցինք Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքին։ Այս առթիւ ան մեզի յայտնեց, որ ինք հաւանութիւն չէ տուած խնդրոյ առարկայ նախաձեռնութեան, որովհետեւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընտրութիւնները աւանդաբար կը կատարուին Համբարձման տօնէն կարճ ժամանակ առաջ, իսկ Համբարձման տօնին օրը, երբ կը նշուի հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, համայնքին առջեւ տեղի կ՚ունենայ պաշտօնական յանձնման-ստանձնման արարողութիւն։

«Մնաց որ՝ մենք գիտենք, թէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը դիմում ներկայացուցած է Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի վճիռը բողոքարկելու համար Վերաքննիչ դատարանի մօտ։ Պէտք է սպասել այս դատավարութեան արդիւնքին, որմէ անկախ կարելի չէ պատկերացնել այս գործընթացին շարունակութիւնը», մեզի յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 16, 2021