ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետ նշանակուեցաւ մեր համայնքի աշխոյժ գործիչներէն Արի Չոլաք։ Խնամակալութիւնը այդ պաշտօնը վստահած է Արի Չոլաքին, որ իր համախոհ ընկերներուն հետ յառաջիկայ շրջանին պիտի ձեւաւորէ Խնամատար մարմնի նոր կազմը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արի Չոլաք միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019