ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՀԱՄԱՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական ձեւով նշուեցաւ համայնքէն ներս։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց այս առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութեան։ Հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձին զուգահեռ՝ ոգեկոչուեցան նաեւ Գալֆաեան ուխտի հիմնադիրն ու անդարձ բաժնուած բոլոր անդամուհիները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ, Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Գալֆաեան ուխտէն քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։

Օրուան պատգամին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ ողորմութեան կարեւորութեան վրայ։ Ան շեշտեց նաեւ, որ մարդ պէտք է կարեւորութիւն ընծայէ խղճի մաքրութեան նկատմամբ։ Քարոզին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նաեւ Գալֆաեան Տան յարատեւութեան կարեւորութիւնը։ Հոգելոյս Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի կողմէ հիմքերը դրուած այս հաստատութիւնը կը մարմնաւորէ կարեւոր արժէք մը, որ պէտք է ըլլայ շարունակական։ Դպրոցի կառավարման դժուարութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց ատենապետուհի Տիանա Գամփարոսեանի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութիւնն ու տնօրէնուհի Թամար Ներկիզը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ ընդգծեց, որ պէտք է ապահովել նոր սերունդի եկեղեցի յաճախելը։

Գալֆաեան Տան խնամակալներուն առընթեր, արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։ Համավարակի հետեւանքով սիրոյ սեղան չսարքուեցաւ եւ աւանդական մատաղի միսը բաժնուեցաւ բոլորին։

Մինչ այդ, նուիրահաւաքի արդիւնքը բաւարար չեղաւ խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու։ Ակնկալուած գումարի միայն երկու երրորդը հանգանակուեցաւ։ Այս տարի հաւաքուած գումարը, դժբախտաբար, չհաւասարեցաւ անցեալ տարի ապահովուածին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021