ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԸ

Իսթանպուլահայ հասարակութեան ծանօթ երգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, անցեալ շաբաթավերջին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Ան նորին սրբազնութեան նուիրեց  նմոյշ մը իր սկաւառակէն, որ «Լոյս» կոչուած է, կը պարունակէ հոգեւոր երգեր, տաղեր եւ մեղեդիներ։  

Նորին սրբազնութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած այցելութեան համար։ Գնահատեց տարուած աշխատանքը որպէս հայ հոգեւոր երգի ծանօթացման ու ծաւալման միջոց։ Նորին սրբազնութիւնը արուեստագիտուհիին յաջողութիւն մաղթեց իր գործունէութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019