ԴԱՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ԴԻՄՈՒՄ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի վիճարկումները կը շարունակուին դատական իշխանութիւններու մօտ։ Կը տեղեկանանք, որ երէկ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան դատ մը բացած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի այժմու երթին դէմ։ Անհատական դիմումի հիմունքով՝ Սարօ Պենկլեան դատ բացած է Իսթանպուլի վարչական ատեանին մօտ։ Այս դատական դիմումը կը ներկայացնէ բոլորովին տարբեր արժէք, որովհետեւ Սարօ Պենկլեան մինչեւ մօտաւոր անցեալը մաս կը կազմէր Նախաձեռնարկ մարմնին։ Ան իր հրաժարականը տալէ եւ յաչս հանրային կարծիքին համոզիչ ձեւով այդ հրաժարականը հիմնաւորելէ անմիջապէս վերջ բացած է այս դատը։

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի կողմէ բացուած դատի նախապատրաստական փուլերն ալ կ՚ընթանան ընթացակարգով պայմանաւորուած հունին մէջ։ Համապատասխան ատեանը արդէն պահանջած է Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ ցարդ առնուած որոշումներու թղթածրարը։ Այս հանգամանքը մասնագէտներու կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Սիմոն Չեքէմի կողմէ ներկայացուած իրաւական փաստերը լուրջ վերաբերմունքի առարկայ դարձած են դատական պատկան մարմիններուն կողմէ։  

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019