ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԱՍՆԱԳԷՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Շանթ Ալթունքարա փայլուն նուաճումի մը հասած է ատամնաբուժութեան մարզին մէջ։ Ան ստացած է բերանի, ատամներու եւ կզակի մասնագէտ-վիրահատի կոչում։

Շանթ Ալթունքարա, որ ծնած է Իսթանպուլի մէջ, նախակրթարանի տարիներուն յաճախած է Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը։ Նշանթաշըի «Անատոլու» լիսէն աւարտելէ վերջ յաջորդաբար յաճախած է Մարմարայի համալսարանը, Իսթանպուլի համալսարանը եւ Զոնկուլտաքի «Պիւլենտ Էճեվիտ» համալսարանը։ Բարձրագոյն ուսման իրերայաջորդ փուլերուն ան խորացուցած է իր գիտելիքները ատամնաբուժութեան եւ բերանի եւ կզակի առողջութեան մէջ։ Շանթ Ալթունքարա միեւնոյն ժամանակ ուսանած է առողջապահական հիմնարկներու կառավարում։

Իր արձանագրած յաջողութիւններով Շանթ Ալթունքարա արժանացած է նաեւ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի շնորհաւորութեան եւ գնահատանքին։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Շանթ Ալթունքարան եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019