«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու հետաքրքրական գիրք։ Անոնցմէ մին կը կոչուի Harfler Ülkesine Yolculuk, որու հեղինակն է ռուս գրող Անտրէյ Պիթով։ Արդի ռուս գրականութեան կարեւոր ներկայացուցիչներէն մին է Անտրէյ Պիթով, որ երկու տարի առաջ մահացած է Մոսկուայի մէջ։ Այս գիրքը, որ ռուսերէնէ թարգմանուած է թրքերէնի, կը վերաբերի դէպի Հայաստան իր ուղեւորութեան յուշագրութիւններուն։ «Արաս» վերջին շրջանին ռուս հեղինակներու դէպի Սովետական Հայաստան այցելութիւններու հիման վրայ գրուած եւս երկու գիրք հրատարակած էր եւ այս վերջին գործով արդէն եռոտանի մը ստեղծուած է։

Երկրորդ գիրքի հեղինակն է փրոֆ. Այհան Աքթար, որ ծանօթ է ընկերաբանութեան եւ պատմագրութեան բնագաւառի իր աշխատանքով։ Ermeni Evine Figan Kuruldu կը կոչուի իր գիրքը, որ լոյս տեսած է «Արաս»էն։ 1915-ի վերաբերեալ հայոց ապրումները վերջին քսան տարուան ընթացքին բազմաթիւ աշխատանքներու նիւթ դարձած են, սակայն այդ ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ներկայ գիրքը։ Արդարեւ, Այհան Աքթար ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է ցեղասպանութենէն վերապրած, Հալէպի եւ մերձակայքին կեանքը շարունակած հայ աշուղներու՝ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած դիւցազներգութիւններուն վրայ։ Հեղինակը ծանրացած է թէ՛ անհատական փորձառութիւններու եւ թէ յետեղեռնեան ապրումներու հիմնախնդիրներուն վրայ, զանազան երեսակներով։

Այս երկու գիրքերն ալ վստահաբար գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020