ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ, երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Խորհրդակցական մարմնի ժողով։ Նորին սրբազնութեան աղօթքով բացուեցաւ նիստը, որու օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին համայնքային զանազան այժմէական նիւթեր։

Առաջին հերթին անդրադարձ կատարուեցաւ երանաշնորհ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման, յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման՝ մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւններուն։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ խորհրդականները այս նիւթը շօշափեցին զանազան երեսակներով։ Բոլորն ալ համակարծիք էին, թէ մեր համայնքը պատուով դուրս ելած էր այս փուլէն։ Մասնաւորապէս վերյիշուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ցուցաբերուած անմիջական վերաբերմունքն ու ջերմ կարեկցանքը։ Նախագահ Էրտողանի վերաբերմունքը երախտագիտութեամբ ու յարգանքով վերյիշելու առընթեր, ժողովականները նշեցին, որ ամբողջ պետական աւագանիին, նաեւ այլ մակարդակի իշխանութիւններու ալ վերաբերմունքը եղած էր զուգահեռ։ Բաց աստի, ընդգծուեցաւ, որ արտասահմանէն փութացած հոգեւորական կամ աշխարհական հիւրերը գնահատած են արարողութիւններու կարգապահութիւնը։ Ժողովականները գնահատանքով արտայայտուեցան նաեւ Կարգադիր յանձնախումբի եւ անոր զօրակցած երիտասարդներու կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ։ Խորհրդականները համամիտ էին, որ նոր սերունդի ներկայութիւնը լաւատեսութեան առիթ մը եղած է մեր համայնքի ապագային տեսակէտէ։ Նոյն ծիրին մէջ Խորհրդակցական մարմինը անդրադարձ կատարեց հոգելոյս Պատրիարք Հօր վախճանման յաջորդած ներկայ սուգի շրջանին թերթի մը մէջ կատարուած ցաւալի հրապարակումներուն։

Խորհրդակցական մարմինը նկատի ունեցաւ Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրը։ Ժողովականները վերահասու դարձան Նորին սրբազնութեան կողմէ այս հարցին շուրջ գործադրուած հետեւողական ջանքերուն։ Այժմ արդէն սկսած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, որ ներկայ կանխատեսումներով պիտի տեւէ շուրջ տարի մը։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յատկացումով, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան յանձնուած է գործնական պատասխանատուութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագրին համար կազմակերպուած մրցոյթով աշխատանքները վստահուած են այն նոյն շինարարին, որ քանի մը տարի առաջ իրականացուցած էր այս եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութիւնն ու բարեկարգումը։ Նորին սրբազնութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին անձամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն, աշխատանքները պահել ուշադրութեան կեդրոնին եւ պարբերական այցելութիւններով տեղւոյն վրայ հետեւիլ ընթացքին։

Երէկուան ժողովի ընթացքին խորհրդականները ամփոփ գիծերու մէջ նկատի առին անցեալ շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի մէջ մեր համայնքէն չորս դէմքեր մաս կազմած են քաղաքապետական խորհուրդներուն։ Այդ անուններն են՝ Մարգրիտ Տիքմէ, Սելինա Տողան, Վազգէն Պարըն եւ Արէտ Թաթլըտիլ։

Խորհրդակցութեան տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ խըն-դիրներ։ Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի Ս. Զատիկէն անմիջապէս վերջ, երբ աւարտած պիտի ըլլայ նաեւ քառասնօրեայ սուգի շրջանը։ Տաղաւարի յաջորդող օրերուն պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը, որու կողմէ որդեգրուելիք ուղղութեան զուգահեռ դիմում պիտի կատարուի պատկան իշխանութիւններուն մօտ։ Հաշուի առնելով ընտրութեան հեռանկարը՝ Խորհրդակցական մարմինը յարմար դատեց համայնքէն ներս վերաշխուժացնել ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման գործընթացը։ Ժողովականները համամիտ գտնուեցան, որ այս աշխատանքը կենսական նշանակութիւն ունի մեր համայնքին տեսակէտէ ու պէտք է յառաջ տարուի բծախնդրութեամբ, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնով։

Խորհրդակցական մարմինը անանտեսելի նկատեց նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած շրջաբերականը, որով կը նախատեսուի փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու կազմերը համալրել նշանակովի դրութեամբ։ Նկատի ունենալով խնդրին նուրբ բնոյթը՝ որոշուեցաւ Խորհրդակցական մարմնի յաջորդ ժողովի ընթացքին մանրամասն շօշափել այս նիւթը՝ մանաւանդ, որ երէկուան խորհրդակցութիւններն ալ տեւած էին բաւական երկար։

Նիստը եզրափակուեցաւ ընդհանուր փոխանորդի աղօթքով։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019