ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի բազմամեայ փոխ-ատենապետ Վահրամ Վարդանեանը։ Ան մեր այցելութեան փութացած էր իր դստեր՝ Անի Քարաքըզի հետ։ Թէեւ Վահրամ Վարդանեան ողջունելի հիւր մըն է մեզի համար, սակայն ան եկած էր տխուր լուր մը տալու։ Արդարեւ, Վահրամ Վարդանեան հրաժարած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն։ 1984 թուականէն ի վեր ան մաս կը կազմէր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։ Փոխ-ատենապետ ըլլալու առընթեր ան երկար տարիներէ ի վեր թաղային խորհուրդի հաշուապահն էր։

Մամուլին մէջ այսօր պաշտօնապէս թրքերէն ազդով մը Վահրամ Վարդանեան տեղեկացուցած է իր հրաժարականը՝ պարզաբանելով նաեւ պատճառը։ Արդարեւ, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը վերջերս առած է որոշում մը, որու հիման վրայ երեք անդամներուն ստորագրութիւնը բաւարար պիտի ըլլայ դրամատնային գործարքները կատարելու, մանաւանդ փոխանցումները իրականացնելու համար։ Վահրամ Վարդանեան այս որոշումը համարած է իր անձին դէմ անվստահութիւն եւ յարմար դատած է հրաժարիլ թէ՛ հաշուապահի եւ թէ թաղային խորհուրդի անդամի պաշտօնէն։ Ինչպէս նշուած է հը-րաժարականին մէջ, ան թաղային խորհուրդի արկղի բանալիներն ալ ուրիշ անդամի մը փոխանցած է՝ ձեւակերպուած արձանագրութեան մը հիման վրայ։

Սա իսկապէս տխուր իրադարձութիւն մըն է եւ վկայութիւն մը՝ անբաղձալի երեւոյթներու մասին։ Այս հրաժարականով անխուսափելիօրէն մեր համայնքի օրակարգին վրայ կու գայ, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներս կը տիրէ անմիաբանութիւն եւ խորացած է աններդաշնակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ալ երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ կը գտնուի հիւանդանոցի մէջ։

Անկախ վարչական ամէն տեսակ հանգամանքէ, Վահրամ Վարդանեան եղած է տիպար համայնքային գործիչ մը։ Ան երկար տասնամեակներ աշխատած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին մէջ եւ այդ սպասաւորութեան ընթացքին արժանացած՝ համայնքային շրջանակներու յարգանքին։ Որպէս անհատ իր ներդրման ու ծառայութեան համար ան միշտ երախտագիտութեան առարկայ կը դառնայ։

Մետայլի միւս երեսակին, իսկապէս, ցաւալի է, որ մեր համայնքի առկայ վարչատնտեսական ընդհանուր փակուղիի ամենասուր դրսեւորումները կ՚ապրուին Պէյօղլուի պարագային. թաղ մը, որու մատակարար մարմնի տնօրինութեան յանձնուած է մեր հաւաքական հարստութեան կարեւոր մէկ բաժինը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019