ԱԼԻՆ ԹԱՇՃԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Միջազգային շարժանկարի քննադատներու դաշնակցութեան (FIPRESCI) նախագահ վերընտրուած է Ալին Թաշճեան։ Անցեալ շրջանին ան եղած էր այդ պաշտօնը ստանձնած՝ իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչը պատմութեան մէջ։ Յաջող պաշտօնավարութեան շրջանէ մը վերջ ներկայիս ան արդէն վերընտրուած է։

FIPRESCI-ի համագումարը տեղի ունեցաւ Պարիի մէջ։ Իտալիոյ այս քաղաքը ամէն տարի կը հիւրընկալէ FIPRESCI-ի համագումարը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ալին Թաշճեանը, որ Թուրքիոյ շարժանկարի աշխարհի յայտնի ու հեղինակաւոր դէմքերէն մին է։ Իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021