ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԵՏ ԱՌԵՐԵՍՈՒՄ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) հովանոցին տակ վերջին ամիսներուն յառաջ կը տարուի «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» անուանեալ նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրին մէջ տարուած աշխատանքները նախախնամական նշանակութիւն ունին մեր կրթական համակարգին տեսակէտէ։ Այդ նախաձեռնութիւնը ամրան ամիսներուն տարուած տքնաջան աշխատանքով հասունցած է որոշ չափով՝ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի առաջնորդութեամբ։ Իրենց ջանքերով համակարգուած աշխատանքով ներկայիս կը ստեղծուի ենթագետին մը՝ որու հիման վրայ թրքահայ վարժարանները կրնան ունենալ տարբեր ապագայ մը։ Ցայսօր մեր վարժարաններուն համար տարուած աշխատանքներէն ի տարբերութիւն, այս անգամուան աշխատանքը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը զօրակցի այս ծրագրին։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին կողմէ տնօրինուած միջոցները, խորհրդատու մարմնին ալ ցոյց տուած ուղղութեամբ պիտի օգտագործուին այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ Սա թէ՛ լուրջ հեռանկար մըն է եւ թէ կարեւոր գործօն մը, որ կրնայ երաշխաւորել յաջողութիւնը։

Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ մեր կրթական համակարգի առկայ խնդիրներուն ձօնուած մասնագիտական աշխատաժողով մը։ Մեր վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները, ելմտական հարցերով պատասխանատու անդամները, հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէնները եւ այլ մակարդակի պատասխանատուները համախմբուեցան այս աշխատաժողովին առթիւ, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» մը ստեղծելու հետամուտ նախաձեռնութեան ամբողջին մէջ անցեալ ամառնամուտին ալ կազմակերպուած էր այս ձեւաչափով աշխատաժողով մը։ Այդ փուլին մասնակիցները աւելի սահմանափակ էին, իսկ այս անգամ աւելի ծաւալուն մասնակցութիւն մը ապահովուած էր, ներգրաւուած էր նաեւ մամուլը։ Ուստի, սա նաեւ աշխատաժողովի մը առընթեր ծանօթացման հաւաքոյթ մըն էր, որով «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը մանրամասնօրէն ու խորքային ձեւով լուսաբանեց համայնքային շրջանակները։

Երէկուան մասնագիտական աշխատաժողովը ունէր յագեցած ծրագիր մը՝ թէ՛ մեր համայնքի եւ թէ մեր համայնքէ դուրս մասնագէտներու ընդգրկումով։ Մեր կրթական հաստատութիւններու պատասխանատուները ներկայիս ձեռնամուխ եղած են հասարակաց ապագայի մը որոնման։ Սա, անշուշտ առաջին փորձ մը չէ, սակայն բոլորը նոր եռանդով մը կը մասնակցին այս նոր աշխատանքին։ Թորոս Ալճանի բանաձեւումով սա փորձ մըն է, ջանք մըն է՝ որպէսզի մեր համայնքը առերեսուի ապագայի հետ։ «Մեր համայնքը փորձաքարի մը առջեւ կանգնած է՝ հաւաքաբար գործելու ընդունակութիւնը վերաձեռքբերելու եւ այդպէսով առկայ խնդիրները աւելի դիւրութեամբ յաղթահարելու առումով», ըսաւ ան երէկուան աշխատաժողովի ընթացքին։

Երէկուան աշխատաժողովը սկսաւ Յարութիւն Շանլըի եւ Թորոս Ալճանի բացման խօսքերով։ Ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Տատեան վարժարանի աշակերտներէն Ռաֆայէլ Մըխճը։ Աշխատաժողովը վարեց Թորոս Ալճան։ Բացման փուլէն վերջ սկսաւ առաջին նիստը, որու ընթացքին հետաքրքրական զեկուցումով մը հանդէս եկաւ «Կրթական բարեփոխումներու նախաձեռնութիւն»ի ղեկավար Պաթուհան Այտակիւլ։ Ան զեկուցումէն վերջ պատասխանեց նաեւ հարցումներուն։ Շահեկան արտայայտութեան աւարտին աշխատաժողովի կազմակերպիչներուն անունով Յարութիւն Շանլը Պաթուհան Այտակիւլին յանձնեց յուշանուէր մը։

Իրմէ վերջ արտայայտուեցաւ «Eureko» ապահովագրական ընկերութեան ներկայացուցիչ Պարըշ Պերք։ Այս վերջինը բացատրութիւններ տուաւ առողջապահական լրացուցիչ ապահովագրութեան դրութեան եւ մասնայատկութիւններու մասին։ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» նախաձեռնութիւնը պատրաստութիւններ կը տեսնէ՝ որպէսզի մեր կրթական մշակները կարենան օգտուիլ ապահովագրական այս հնարաւորութենէն։ Այսպէսով եզրափակուեցաւ աշխատաժողովի առաջին նիստը։

Երկրորդ նիստի յայտագրին վրայ նախատեսուած էին զեկուցումներ մեր համայնքի կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Այսպէս, իրերայաջորդ արտայայտուեցան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն Լեւոն Եըլտըրըմեան, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Արեգ Ֆերահեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, համացանցային TET կայքի վարիչ Գամէր Թոքէր, ուսուցչուհի Լառա Էօզէր, ուսուցչուհի Աղաւնի Տուրասլան, VADİP-ի ելմտական յանձնախումբէն Հերման Կիւրճեան, իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու մասնագէտ Յարութիւն Տավուլճեան եւ հասարակական գործիչ Սօնա Մենթեշէ։ Բոլոր ատենախօսները անդրադարձան մեր կրթական համակարգի խնդիրներու զանազան երեսակներուն եւ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն»ի տեսանկիւնէն մեկնաբանեցին այդ բոլորը եւ ներկայացուցին լուծման առաջարկներ։

Աշխատաժողովը աւարտին հասաւ գիշերուան բաւական ուշ ժամուն։ Կազմակերպիչները տեղեկացուցին, որ սոյն հաւաքոյթի լոյսին տակ կը պատրաստը-ւին հրապարակել հաղորդագրութիւն մը։

Երէկուան աշխատաժողովի զեկուցումներու բովանդակութեան մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի փոխանցենք վաղուան թիւով։

      

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018