ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղականներուն Պատրիարքարան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Խաչվերացի տօնի նախօրեակին։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ տաղաւարին օրը կը նշուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Թաղականները նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահել տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 16 սեպտեմբերին։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։

Ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ իրեն փոխանցուած հրաւէրին համար։ Ան իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց թաղականներուն՝ դժուարին առաքելութեան մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018