ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին խոր յուզումով վերյիշեց Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։ Այսպէս, բարեյիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի առաջին տարելիցին առթիւ երէկ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հաւատացեալները աղօթքով ու խունկով վերյիշեցին մեր նախորդ հոգեւոր պետը, որու վախճանը եղած էր բաւական ողբերգական, որովհետեւ ան աւելի քան տասն տարի անգիտակից վիճակի մէջ տառապած էր՝ ծառայելով անկողնոյ։ Մեր համայնքի հաւատացեալները, որոնք այդ 12 տարիներու ընթացքին աղօթած էին Մեսրոպ Սրբազանին համար, իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ ալ համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Բոլորը ծաղիկներ խոնարհեցին անոր անթառամ յիշատակին առջեւ, խունկ ծխեցին եւ հերթական անգամ վերանորոգեցին իրենց յարգանքը անոր՝ պատմութեան սեփականութիւնը վաղուց դարձած վառ անհատականութեան նկատմամբ։

Երէկ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքին համար։ Արարողութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ իր երջանկայիշատակ նախորդի թողած աւանդին։

Ս. Պատարագէն վերջ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հիւրընկալմամբ Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ։

Յետմիջօրէին մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն մըն ալ կատարուեցաւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր շիրիմին վրայ, որ կը գտնուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Ոգեկոչումներու այս փուլին ալ նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ  մեր հոգեւորականաց դասէն բազում անդամներ։ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր շիրիմին շուրջ համախմբուած էին նաեւ համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, իր երախտաշատ սաները, ինչպէս նաեւ ընտանիքի անդամները։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին զուգահեռ օրհնուեցաւ հանգուցեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր շիրիմը։ Բոլորը խոր յուզումով խոնարհեցան հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակին առջեւ՝ հերթական անգամ լիցքաւորուելով անոր անթառամ յիշատակով։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020