ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վերջին օրերուն Ս. Երկրի մէջ աւանդական շուքով, ըստ Հին տոմարի նշեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Դժբախտաբար, Բեթղեհէմի մէջ այս տարի հայ եւ յոյն հոգեւորականներու միջեւ ծագեցան լարուածութիւններ։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան այս առթիւ պարզաբանումներ տուաւ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարէն ներս հայոց տօնակատարութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպին շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը լիարժէքօրէն կը կատարեն Ս. Երկրի սրբավայրերէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ իրենց վերապահուած առաքելութիւնը։

Ըստ յայտարարութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցին 18-19 յունուարին իրաւունք ունի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը նշելու Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարէն ներս։ Սա կարգավիճակով ամրապնդուած իրաւունք մըն է։ Ըստ այդ կարգավիճակին՝ սրբավայրերը տնօրինող երեք համայնքներու (հայ, յոյն եւ լատին) կողմէ նախապէս պատրաստուած է ծրագիր մը, որով յունուարի 18-ին, ժամը 11.00-ին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Երուսաղէմի հայ պատրիարքին եւ ուխտաւոր ու հաւատացեալ ժողովուրդին, հանդիսաւորապէս մուտք կը գործէ Ս. Ծննդեան տաճար։

Հայոց Ս. Ծննդեան տօնի օրը Տիրոջ ծննդեան Ս. Այրը 24 ժամ կը պատկանի հայերուն։ Ս. Այրի խորանին վրայ կը տեղադրուին հայկական սրբապատկեր, Աւետարան եւ երկու մոմակալ։ Եւ յունուարի 18-ին, հայոց ճրագալոյցի պատարագէն յետոյ յոյները իրաւունք ունին Ս. Այրի մէջ խնկարկութիւն ընելու։

Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով, այս տարի, սակայն, յոյները պահանջեցին իրենց խնկարկութեան ժամանակ հանել Ս. Այրի հայկական սրբապատկերը, Աւետարանը եւ մոմակալները ու այդ բոլորին փոխարէն դնել իրենց սրբապատկերը։ Այս փափաքը մերժուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ եւ այս պատճառով տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք։

Բանակցութիւններու հիման վրայ եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի անձնական խնդրանքին ընդառաջելով՝ որոշուեցաւ արտօնել միայն 2020 թուականի համար առանց հայերու՝ սրբապատկերը, Աւետարանը եւ մոմակալները հանելու, յոյներու խնկարկութեան ժամանակ իրենց սրբապատկերը բռնել Ս. Այրի խորանին դիմաց։ Խնկարկութեան ժամանակ ոստիկանները բռնեցին յոյներու սրբապատկերը եւ խնկարկութենէն անմիջապէս վերջ այդ մէկը դուրս բերուեցաւ Ս. Այրէն։ Դիւանապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ 2020 թուականի յունուարի 18-ին Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքի խախտում չէ արձանագրուած եւ համաձայնութիւնը եղած է միայն 2020 թուականի համար։

Տօնական օրերէն վերջ կողմերը ժողով մը պիտի գումարեն լուծելու համար խնդիրը՝ ներկայացուած փաստաթուղթերու հիման վրայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020