ԺԱՄԱՆԱԿ 115 ՏԱՐԵԿԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 115-րդ տարին։ Յոբելենական հանգրուան մը դարձեալ, 115-ամեակ… Յարատեւ արտադրութեան եւ յամառ դիմադրութեան կամքով ու վճռակամութեամբ՝ այս թերթի հիմնադիրներուն՝ հանգուցեալք Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան երանեալ եղբայրներուն աւանդը կը վերանորոգուի դարերու խաչմերուկին։ Այսօր հայ մամլոյ նահապետը մրցանիշ մը եւս կը սահմանէ իր գոյութեան ոդիսականին մէջ՝ որպէս աշխարհի երիցագոյն հայերէն օրաթերթը, որ կը հրատարակուի անընդհատ։

Հոկտեմբերի 28-ն է դարձեալ… ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձի օրը, դասականացած թուական մը… 115-ամեակի յոբելեանը առիթ կը դառնայ մէկ կողմէ անդրադառնալու հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը արդի հայեացքով մը ընկալելու կարեւորութեան, իսկ միւս կողմէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ հասարակաց յայտարարներ ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բոլորած տասնամեակները, փորձառութիւնն ու վկայութիւնը այս բոլորին տեսակէտէ բազում խորհրդածութիւններու եւ հետեւութիւններու դուռ կրնայ բանալ։ Այս օրաթերթը կը շարունակէ իր տպագիր տարբերակով մէկ կողմէ պահել իր աւանդական գիմագիծը, իսկ միւս կողմէ առցանց հարթակներու վրայ ներկայութեամբ կը ջանայ արդի ժամանակներու համապատասխան կազմակերպել իր գործունէութիւնը։ ԺԱՄԱՆԱԿ կը փորձէ հնարաւոր բոլոր ձեւաչափերով հասնիլ իր ընթերցողներուն՝ ըլլալով առաջին հերթին լրատուամիջոց, նաեւ որպէս արեւմտահայերէն օրաթերթ՝ մայրենիով հաղորդակցութեան ամուր հարթակ մը հանդիսանալով։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաքելութիւնը ամրապնդուած է իր գործունէութեան այս երկու հիմնական առանցքներու փոխլրացումով։ Ժամանակներու ընթացքին ձեռք բերուած տոկունութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները անհերքելիօրէն կ՚ապացուցանեն, որ աւելին ներդնելու պարագային այս թերթը կրնայ աւելին քաղել, այսինքն շա՜տ աւելին մատուցել իր ընթերցողներուն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 115-ամեակը ակամայ կ՚ընկալուի անոր գոյատեւած բնորրանին՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ Թէ ի՞նչ կացութիւն կը ցոլացնէ թրքահայ իրականութիւը այսօր. մէկ կողմէ ըսելու շատ քիչ բան մնացած է, իսկ միւս կողմէ կրնայ երկար խորհրդածութիւններու, բանավէճերու նիւթ դառնալ։ Յամենայնդէպս, այդ համայնապատկերը կը ցոլացնէ առկայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ լայնախարիսխ մօտեցումներ ցուցաբերելու անյետաձգելի հրամայականը։ Համընդգրկուն, ներառական եւ համախմբող մերձեցումներով պէտք է յառաջ տանիլ այս համայնքին նաւը։ Թրքահայութեան արդի տարեգրութեանց բոլոր էջերը վերջին հաշուով կը միանան նոյն կէտին վրայ. չափազանց համեստ ներուժի պայմաններով դժուար թէ գոյատեւման ամուր կռուաններ ունենալ կարելի դառնայ, առանց համախմբման եւ նպատակասլաց ընթացքի։ Մամուլը այդ կռուաններէն մին չէ՞։ Հաւաքականութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ գոյատեւել՝ առանց առողջ եւ արհեստավարժ հաղորդակցութեան։ Այս բոլորի խաչաձեւման վրայ չէ՞ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ այս համայնքի արդի պատմութեան ականատեսը, մասնակիցն ու վկան է։

Թրքահայութիւնը ժամանակներու ընթացքին տկարացած է զանազան առումներով եւ ամենացաւալի դրսեւորումներէն մին այն է, որ մամուլը հետզհետէ կը դադրի արժէք ընկալուելէ։ Սա ո՛չ միայն ողբերգութեան, այլեւ գայթակղութեան համազօր երեւոյթ մըն է։ Այդ տպաւորութիւնը կը բիւրեղանայ՝ երբ հաշուի առնենք, որ թրքահայութիւնը ինչպիսի առանձնայատկութիւններ, ինքնուրոյն նշանակութիւն ունի հայաշխարհէն ներս, Թուրքիոյ տեսակէտէ, Հայաստանի տեսակէտէ, սփիւռքի ամբողջէն ներս, հայ-թրքական յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն, Թուրքիոյ եւ աշխարհի փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով եւ այլն։ Այս բոլորի պատասխաններուն խորհրդանշական բանալիները կարելի է գտնել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի փորձառութեան ու վկայութեան մէջ։ Նոր ոստումներու, նոր թռիչքներու որոնումները յաջողութեան կրնան հասնիլ հաւաքական իմաստութեան նորովի արժեւորումով ու խորաթափանց գիտակցումով։ Օրաթերթ մը ըլլալէ անդին, իր դարաւոր ընթացքով ԺԱՄԱՆԱԿ վերածուած է գործօնի մը, որով հաւաքական միտքն ու իմաստութիւնը միշտ կը խմորուին ու արծարծուած կը պահուին թրքահայ կեանքէն ներս։

*

Տարեդարձի օրուան յուզումով՝ երանութեամբ կ՚ոգեկոչենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաւէտ ողբացեալ մեծանուն հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները։ Բի՜ւր յարգանքով կը խնկարկենք հանգուցեալ Արաքսի Գօչունեանի ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշենք ողբացեալք Մարտիրոս, Մելիք եւ Արա Գօչունեան եղբայրները, որոնք երկար տասնամեակներ կայուն պահեցին այս թերթը։ Անսահման երկիւղով կը խոնարհինք անմոռանալի եւ ամենասիրելի Լիլի Գօչի բարոյական ներկայութեան առջեւ՝ վերստին արձանագրելով անոր անուրանալի ներդրումն ու վաստակը այս թերթին համար։ Մեր սրտի տրոփին մէջ են՝ Էլիզա, Սիրարփի, Մարի եւ Ալին Գօչունեան քոյրերը, որոնք անմասն չէին այս թերթի ելեւէջներէն։ Կ՚աղօթենք Գարագաշեան, Սեպուհեան, Մանուկեան, Պօղոսեան, Գալփաքճեան, Էպէօղլու, Սարաֆեան եւ Երէցեան գերդաստանաց մեզմէ անդարձ բաժնուած անդամներուն համար։ Մեր խոհերուն մէջ են թերթիս անցեալի բոլոր խմբագիրները, սիւնակագիրները, աշխատակիցները, լուսանկարիչ կամ գծանկարիչները, գրաշարները, էջադրողները, ամէն տեսակի թեքնիք պատասխանատուները, մեքենավարները, ցրուիչները, վարչային սպասաւորները, որոնք իրենց մտքին լոյսով, բազուկին ուժով, աչքին լոյսով անխնայօրէն ու ազնուութեամբ վաստակ ներդրեցին այս թերթին համար։ Առանձնապէս պարտականութիւն կը համարենք մեր հանգուցեալ ընթերցողներուն ոգեկոչումը, որովհետեւ անոնց հաւատարմութիւնը եղած էր այն անխախտ վէմը, որ ապահովեց այս թերթին անխափան գոյութիւնը՝ արդէն 115 տարիէ ի վեր։

*

Տարեդարձի բարձր տրամադրութեամբ կ՚ուզենք ջերմօրէն շնորհաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները։ Յոբելեանի ուրախութիւնը, խորքին մէջ, անոնց այս թերթին նկատմամբ ցուցաբերած հաւատարմութեան տօնախմբութիւնն է։ Այս յոբելեանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն արդար հպարտութիւն կ՚առթէ, միանշանակ։

Ուրեմն, յոբելենական հանգրուանի լաւատեսութեամբ այժմէն ժամադրուինք յաջորդ տարուան համար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ աւելցած նոր օղակը թող նոր ուժ, նոր եռանդ ու թարմութիւն ապահովէ բոլորիս։ Բարին ընդ մեզ…

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022