ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ «ԱԶԱՏ ՀԱՅ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՒ ԽՄԲԱԳԻՐ՝ ՀՐԱՉ ՔԱԼՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

-Պրն. Քալսահակեան, 2019 թուականի վերջին ամիսներուն համաշխարհային մամուլին մէջ սկսան լուրեր տարածուիլ, թէ Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ գլուխ բարձրացուցած է նոր տեսակի վարակ մը՝ թագաժահր [քորոնա], որ սակայն շուտով սկսաւ տարածուիլ եւ այսօր երբ արդէն թեւակոխած ենք 2020 տարիին կէսը, այդ վարակը աշխարհով մէկ տարածուեցաւ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ինչպէ՞ս ընդունեցին այս վարակի մասին լուրերը, տեղւոյն իշխանութիւնները ի՞նչ կերպով դիմագրաւեցին զայն եւ, ամենէն կարեւորը, ինչպիսի՞ն էր ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը ենթարկուելու տեղական իշխանութիւններու յորդորներուն:

-Այս երկրին իշխանութիւնները փետրուարի երրորդ կէսէն սկսեալ լրջագոյն քայլերու նախաձեռնած էին համավարակին տարածումը կանխելու ուղղութեամբ: Որեւէ տատամսում կամ ձգձգում տեղի չունեցաւ: Իսկ բնակչութիւնը, ըլլալով ընդհանրապէս օրինապահ, ենթարկուեցաւ կառավարութեան տնօրինումներուն: Երկրին կառոյցը հիմնուած է կարգ ու կանոնի վրայ: Բնակչութեան ութսուն տոկոսը օտարահպատակ աշխատողներ են, որոնք յանցագործութեան պարագային արտաքսումի ենթակայ են: Միւս կողմէ, երկրի նիւթական լայն կարողութիւնները կը նպաստեն, որ մեծ թիւով բժշկական քննութիւններ կատարուին: Այդ առումով Էմիրութիւնները յառաջատար դիրքի վրայ են՝ բնակչութեան մէկ երրորդը արդէն համավարակի մասնաւոր քննութեան ենթարկուած է: Այսօրուան դրութեամբ, օրական մէկ-երկու մահուան դէպքեր կ՚արձանագրուին, իսկ ամէնօրեայ ապաքինողներուն թիւը վարակուածներէն աւելի բարձր է:

-Վերջին օրերուն որոշ երկիրներ սկսան յայտարարութիւններ տարածել, թէ արդէն իսկ յաղթահարած են թագաժահրը եւ կամաց-կամաց պիտի սկսին վերագտնել իրենց կեանքի «բնականոն ընթացք»ը, Ձեր կարծիքով՝ թագաժահրի վերացումէն եւ կամ անոր դէմ դեղամիջոց գտնուելէն ետք, աշխարհը՝ մարդիկ, պիտի կարողանա՞ն վերագնտել իրենց նախկին կեանքի «բնականոն ընթացք»ը, այլ խօսքով, թագաժահրէն ետք աշխարհը նոյնը պիտի ըլլա՞յ, այն ինչ էր թագաժահրէն առաջ:

-Աշխարհը միշտ շարժումի մէջ է, իսկ ներկայիս արագընթաց եւ անկանխատեսելի փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը կ՚ապրի: Մարտահրաւէրներու դիմաց գտնուիլը սովորական երեւոյթի պիտի վերածուի: Այդ պէտք է որպէս ժխտական վիճակ ընկալուի: Հարկաւոր է, սակայն, յարմարիլ նոր պայմաններուն հետ: Որոշ բնագաւառներ նախկինին նման պիտի չկարենան իրենց գործունէութիւնը շարունակել՝ նոյնիսկ պիտի անհետանան, այնպէս ինչպէս անցեալին անհետացած էին մեզի ծանօթ կարգ մը արհեստներ: Տարբերութիւնը այն է, որ անցեալին նման գործընթաց մը տասնամեակներու ընթացքին տեղի կ՚ունենար: Անհատներ, ուրեմն, պէտք է հոգեբանօրէն պատրաստ ըլլան փոփոխութիւններու, իսկ պետութիւններ նպաստեն, որ փոփոխութիւնը դառնայ  կեանքի «բնականոն ընթացք»:

-Ձեր կարծիքով՝ թագաժահրը ի՞նչ պատգամներ փոխանցեց մարդկութեան՝ կրօնական, բարոյական, տնտեսական, եւ այլն:

-Մարդիկ առիթ ունեցան քննելու իրենց առօրեան ու խորասուզուելու իրենց կեանքին մէջ: Պահ մը, ամէն ինչ կանգ առաւ եւ մարդիկ հասկցան, որ ամէնօրեայ հեւքէն անդին կան նաեւ սովորական զբաղումներ ու հաճոյքներ: Յանկարծ լռութիւնն ու անշարժութիւնը տարբեր իմաստներ ստացան: Որոշ մարդիկ հասկցան, թէ անհարկի կերպով ծանրաբեռնած են իրենց կեանքը: Այլ մարդիկ տեսան, որ ունին ներքին որոշ կարողութիւններ եւ ունակութիւններ, որոնց մասին անցեալին չէին մտածած կամ նոյնիսկ գիտակցած, որ կրողն էին այդ ունակութիւններուն: Եղան նաեւ մարդիկ, որոնք դժուարութեամբ ընկալեցին այս զարգացումները ու հոգեկան ծանր պահեր ապրեցան: Տեղի ունեցածը անխտիր իր հետքը պիտի ձգէ ամէնուն վրայ եւ ամէն տեղ: Կանուխ է տակաւին անդրադառնալու բարիքներու եւ չարիքներու ընդհանուր հաշուեկշիռին մասին, բայց հանդիպած եմ մարդոց, որոնք երկարօրէն տրամադիր են խօսելու համամարդկային փորձանքէն քաղելիք դասերու մասին:

-Ի՞նչ իրավիճակ կը դիմագրաւէ հայկական գաղութը Միացեալ Էմիրութիւններէն ներս ներկայիս: Կրնա՞ք մի քանի բառերով ներկայացնել հայկական գաղութին կրած կամ յետագային կրելիք վնասներու մասին թագաժահրի ստեղծած պայմաններուն պատճառով:

-Շատ մը այլ գաղութներու նման, Էմիրութիւններու հայութիւնն ալ պիտի ապրի տնտեսական դժուարութիւններ: Հաւանական է, որ ոմանք իրենց աշխատանքը կորսնցնեն: Այսպիսի պարագայ մը դժուար է, մանաւանդ այս երկրին մէջ, ուր կեցութեան իրաւունքը կը դադրի, երբ անհատը իր գործը կորսնցնէ: Նկատի առած, որ Էմիրութիւններու հայութեան մեծամասնութիւնը եկած են Սուրիայէն ու Լիբանանէն, այս պարագան աւելի եւս կը բարդացնէ վիճակը, քանի որ նշեալ երկիրները տնտեսական մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին այս օրերուն, խոցելի են նաեւ անապհովութեան իմաստով: Բարեբախտաբար հայ բնակչութեան կարեւոր տոկոս մը օժտուած է այնպիսի ձիրքերով եւ կարողութիւններով, որոնք կը շարունակեն փնտռուած կամ պահանջուած ըլլալ: Պէտք է այստեղ ընդգծել, թէ հայ անհատը առանձինն կը դիմագրաւէ այս դժուարութիւնները:

-Գալով Հայաստանին, ի՞նչ է ձեր կարծիքը հայաստանեան ներկայ իրավիճակին մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ թագաժահրին հետ կապուած: Թագաժահրին Հայաստանի մէջ յայտնուելով, կարծէք ներկայ գործող իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը օր օրին սկսած է նուազիլ, շատեր այն կը բացատրեն որպէս նախորդ իշխանութիւններու տարած սեւ աշխատանքին արդիւնքը. անդին, շատեր այն համոզումին հասած են, թէ երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ կատարուածը ո՛չ թէ յեղափոխութիւն էր, այլ՝ պարզապէս իշխանափոխութիւն եւ կարծէք նոյն տրամադրութիւնը կը տիրէ նաեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն մօտ: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այս ընդհանուր կէտերու մասին:

-Թէ պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի որակէ 2018-ի անցուդարձերը, ատոր մասին ապագային յայտնի կը դառնայ: Համաշխարհային առաջին պատերազմը իր անունը ստացաւ որպէս այդպիսին՝ երբ Երկրորդը տեղի ունեցաւ, մինչ այդ «Մեծ Պատերազմ» կը կոչուէր: Արդիւնքը նոյնն էր՝ միլիոնաւոր մարդիկ ոչնչացան: Անուանափոխումը տարբերութիւն մը չստեղծեց: Նոյնն ալ մեր պարագային, կարեւորը արդիւնքն է եւ դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդուինք: Իմ անձնական կարծիքով, 2018-ի անկախութիւնը դարձաւ մեր ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն շրջադարձը, որովհետեւ սկիզբ դրաւ ճակատագրական փոփոխութիւններու, որոնք թէեւ անմիջապէս շօշափելի չեն, բայց անվիճելի է, որ մեկնարկած գործընթացը յետադարձ պիտի չճանչնայ: Անոնք որոնք իշխանափոխութիւն ըսելով նկատի ունին անցեալի մտայնութեան ու գործելաոճի վերարտադրութիւնը, կը խորհիմ, թէ սխալած են: Պարզ կ՚երեւի, թէ տարբեր ընթացքի մէջ է Հայաստան, ուր նախկին իշխանաւորները ժողովրդային յենարան չունին եւ պիտի չկարենան ունենալ: Հայաստանի ապագայով մտահոգուած ուժեր համավարակի այս դժուար օրերուն հեռու պէտք է մնան քաղաքական ճգնաժամ ստեղծելէ:

-Վերջին հարցումով ալ կ՚ուզեմ անդրադառնաք Ձեր կատարած ակնարկներու մասին՝ տեսանիւթերու ճամբով, մեր իրականաութիւնը յուզող տարբեր հարցերու մասին: Ինչպիսի՞ն է մարդոց անդրադարձը եւ արդեօք այդ տեսանիւթերը նպատակի մը կը ծառայե՞ն:

-Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին մօտաւորապէս 450 տեսանիւթեր տեղադրած եմ «ԵուԹուպ»ի էջիս վրայ [Hrach Kalsahakian], նպատակ ունենալով շօշափել զանազան հայկական նիւթեր: Փորձս տեղի կ՚ունենայ խօսքի ազատութեան ու թափանցիկութեան սահմաններուն մէջ: Կը փորձեմ անաչառ կարծիքներ արտայայտել ու սեփական վերլուծումներ կատարել: Այսպէսով ինքզինքս մասնակից կը զգամ ազգային կեանքին, որովհետեւ այլեւս դժուար թէ յարմարիմ հնամաշ կազմակերպութիւններու կողմէ սահմանուած կապանքներուն: Հետեւաբար, կ՚ապաւինիմ համացանցին ընձեռած հնարաւորութիւններուն, պարագայ մը, որ աւելի կը շեշտուի համավարակի այս օրերուն: Վստահաբար, ունիմ որոշ թիւով հետեւողներ, բայց նպատակս առաջին հերթին անձնական կարծիքներս արտայայտել է, որպէսզի տարիներ ետք երբ իմ տեսագրածներս դիտեմ, հասկնան, թէ ինչպիսի՞ փուլերէ անցած է միտքս եւ ի՛նչ փոփոխութիւններ կրած են մտածումներս եւ զգացումներս: Իսկ եթէ ուսումնասիրող մը յանկարծ մասնաւոր իմաստ մը գտնէ ըսածներուս մէջ, այդ ալ կրնայ յաւելեալ արժէք ներկայացնել ինծի համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 16, 2020