ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին խմորումները այս շրջանին անմիջականօրէն կը զբաղեցնեն թրքահայութեան օրակարգը։ Գումգաբուի տօնական ընդունելութեան ընթացքին եւս այս խնդիրը արծարծուեցաւ զանազան երեսակներով։ Մօտաւոր անցեալին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն Սիմոն Չեքէմ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ժողովին ընթացքին փորձած էր պատասխանել քննադատութիւններուն, իսկ Գումգաբուի ընդունելութեան ժամանակ այդ դերը վիճակեցաւ թաղային խորհուրդէն Պերրին Տայանին։ Համայնքային կեանքէն ներս ներկայիս ծաւալուն հարցաքննութիւն մը կը կատարուի Պէյօղլուի պարագային։ Թաղային խորհուրդն ալ, ըստ երեւոյթին, ուշադրութեամբ հաշուի կ՚առնէ այս հանգամանքը եւ կը ջանայ առերեսուիլ ցարդ կուտակուած հակազդեցութիւններուն։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն ներս վերջին շրջանին կան նոր խմորումներ եւ այնտեղ գործնական ղեկը ձեռք անցուցած խումբը կը ջանայ ինքնաքննադատութեան եւ թափանցիկութեան տպաւորութիւն մը ստեղծել յաչս համայնքին։ Սա, անշուշտ, սկզբունքօրէն կարեւոր դիրքորոշում մըն է, սակայն համայնքային շրջանակները ներկայիս կը սպասեն նաեւ անոր գործնական դրսեւորումներուն։

Գումգաբուի տաղաւարի ընդունելութեան ժամանակ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը յիշեցուց համայնքային շրջանակներէ ներս Պէյօղլուի պարագային տարիներէ ի վեր կուտակուած հարցականները, որոնք կը վերաբերին կալուածներու արժեւորման արդիւնաւէտութեան, կարգ մը ցաւալի զեղծումներու վերաբերեալ պնդումներու եւ այլն։ «Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մեր համայնքի սեփականութիւնն է եւ թաղականները պէտք է յարգեն պատասխանատուութիւնները», ըսաւ Յարութիւն Շանլը եւ պահանջեց, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ արձագանգէ այս խնդիրներուն։

Իր կարգին, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդէն Պերրին Տայան հանդէս եկաւ՝ առաջին հերթին ընդգծելով, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը հաւատարիմ կը մնայ իր պատասխանատուութիւններուն։ Պերրին Տայան նշեց, որ պէտք է յստակ տարանջատել մարդկանց նկատմամբ մեղադրանքներ առաջ քշելն ու այդ բոլորի ապացուցանումը, հիմնաւորումը։ Ան մատնանշեց, որ ներկայիս Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը անհրաժեշտ քաղաքացիական արիութիւնը կը ցուցաբերէ այս բոլոր խնդիրներուն հետ հրապարակաւ առերեսուելու։ Իրենք ալ թաղային խորհուրդէն ներս ցայսօր կատարուած սխալները նկատելով շարժման անցած են, արմատական փոփոխութիւններու ձեռնարկած են, որպէսզի անոնք այլեւս չկրկնուին եւ հետեւանքները դարմանուին։ «Մենք այս բոլորէն չենք խուսափիր, եթէ խուսափէինք, այստեղ չէինք ըլլար։ Դուք ալ ետ մի՛ կանգնիք ձեր ձեռքէն եկածը ընելէ», ըսաւ Պերրին Տայան։

Յարութիւն Շանլըի եւ Պերրին Տայանի միջեւ այս փոխադարձ արտայայտութիւնները կատարուեցան բաւական բուռն ոճով։ Յամենայնդէպս անոնք անկեղծ ու բաց խօսելով հանդերձ, նախանձախնդիր եղան լարուածութիւն մը չյառաջացնելու համար, նաեւ քաղաքա-վարական առումով զիրար խնայեցին։

Ի շարունակութիւն, մեր բարերարներէն Արէտ Երկանեան եւս ընդգծեց, որ համայնքային շրջանակները անհանգիստ են Պէյօղլուի վերաբերեալ պնդումներէն։ Ուստի, ան առաջարկեց, որպէսզի Պատրիարքարանի օրհնութեամբ մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուի եւ անոր աշխատանքին միջոցաւ Պէյօղլուի վերաբերեալ բոլոր հարցականներու գոհացուցիչ պատասխանը գտնուի։

Այս բոլորի լոյսին տակ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ յայտնեց, որ ինք կը գիտակցի, թէ Պէյօղլուի պարագային կան բազմաթիւ վիճելի նիւթեր։ «Բայց եւ այնպէս, հարցը միայն Պէյօղլուն չէ, մեր բոլոր վաքըֆները ունին հակակշռման խնդիր։ Մեր բոլոր վաքըֆները պէտք է հակակշռուին, համապատասխան համակարգի մը ենթակայ ըլլան», ընդգծեց նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ համայնքի նկատմամբ յարգանք տածելն ու համայնքին առջեւ հաշուետու ըլլալը, իրականութեան մէջ, զիրար ամբողջացնող հանգամանքներ են։

ՊՕՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԳԱՆՁԱՏՐՈՒՄՆԵՐ

Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան Ս. Զատկի վերջին ընդունելութեան ընթացքին Գումգաբուի մէջ օրակարգի վրայ բերաւ շարք մը հետաքրքրական խնդիրներ։ Ան նախ մատնանշեց, որ մեր համայնքէն ներս ծնելիութեան համեմատութիւնը կը նուազի մտահոգիչ թափով։ Այս խնդրին դէմ պայքարելու միջոցներէն մին ան կը համարէ կենակցութեան օրհնութեան վերականգնումը։ Մեր կողմէ միջանկեալ նշենք, որ այս վարկածը միանշանակ չ՚ընկալուիր համայնքին կողմէ՝ մանաւանդ, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ ունի վերապահութիւններ։

Նազարէթ Էօզսահակեանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած կարեւոր հարցերէն մին մեր համայնքի մարդուժի վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներու յստակեցումն է։ Նման աշխատանք մը յառաջ տանելու համար Պօյաճըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը միջոցներ ապահոված է Եւրոմիութենէն։ Նազարէթ Էօզսահակեան նշեց, որ իրենք Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան հետ շփում պահած են եւ այժմ 148 հազար 5 հարիւր եւրօ արժողութեամբ գանձատրում մը ստացած են ԵՄ-ի կողմէ։ Էօզսահակեան բացատրեց, որ խնդիրը միայն մեր համայնքի ընտրացուցակներու կատարելագործումով եւ այժմէականացումով սահմանափակ չէ։ Արդարեւ, մեր համայնքը յստակ տուեալներ պէտք է ունենայ իր մարդուժի դիմագծին շուրջ՝ սկսելով տարիքային դասաւորումէ եւ մասնագիտութենէ, մինչեւ բնակութեան շրջաններն ու այլ նիւթեր։ Նազարէթ Էօզսահակեան նշեց, որ Պօյաճըգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մշակած ծրագրին համար ապահոված միջոցները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ Արդարեւ, սա Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ պետութեան համատեղ մէկ ծրագրին վերածուած է։ Այս գործի պարագային Գանձի ու ելմտական նախարարութիւնն ալ առաջին անգամ հաւանութիւն տուած է փոքրամասնական վաքըֆի մը ծրագրին։ Ցարդ նման հաւանութիւններ չէին տրուեր՝ կարգավիճակի վերաբերեալ խնդիրներ առաջ քշելով։ Այդ վերաբերմունքին մէջ հիմա դրական տեղաշարժ մը կը նկատուի։ Այժմ 148 հազար 5 հարիւր եւրոն փոխանցուած է Պօյաճըգիւղի թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին եւ անոր գործադրութիւնը պիտի սկսի փութով։

Նազարէթ Էօզսահակեան բացատրեց, որ այս ծրագիրը կ՚ենթադրէ սահմանափակ աշխատանք մը, իսկ իրենք առաջին քայլի յաջողութեան ներշնչած համարձակութեամբ՝ ԵՄ-ին ներկայացուցած են նոր ծրագիր մը, որու արժողութիւնը կը հասնի կէս միլիոն եւրոյի։ Պօյաճըգիւղի թաղային խորհուրդը լաւատես է այդ նախագծի ապագային համար եւ այդ միջոցներուն շնորհիւ հնարաւոր պիտի դառնայ աւելի լայնածաւալ աշխատանք մը իրականացնել՝ մեր համայնքի մարդուժի ընդհանուր դիմագծին շուրջ վիճակագրական յստակ տուեալներ ապահովելու ճանապարհին։

Ընդունելութեան ընթացքին Նազարէթ Էօզսահակեան մատնանշեց, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ պէտք է հետամուտ ըլլայ Եւրոմիութեան նման միջոցներէն օգտուելու։ Ի պատասխան, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ նշեց, որ Նազարէթ Էօզսահակեան բաժնէ իր փորձառութիւնը Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամներուն հետ, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին հնարաւոր դառնայ ներգրաւել այդպիսի միջոցներ։

​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019