Լրահոս

ՆՈՐ ԽԱՂԱԿԱՆՈՆՆԵՐ

Ճեւատ Զարիֆ Պաքուի երէկուան շփումներէն վերջ այսօր Մոսկուայի մէջ կը տեսակցի Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ կ՚ուղեւորուի դէպի Երեւան:
Իրան կ՚ողջունէ Կովկասի համար համագործակցութեան վեցակողմ հարթակ մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ տարածքաշրջանային կայունութեան:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Տէր-Պետրոսեանի եւ Քոփիրքինի հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիա օժանդակութիւն ուղարկեց Հայաստան՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մարդասիրական խնդիրներու լուծման առաջադրութեամբ։ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ թռիչքով երէկ տեղ հասաւ՝ 30 թոն ծանրութեամբ այս մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ ներառեալ երկու մինիպիւս։

ՀԻՆԳ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ երէկ վերսկսած բանացկութիւնները պիտի շարունակուին Աթէնքի մէջ:
Քննակումներուն Իպրահիմ Քալընի մասնակցութիւնը կը վերագրուի նախագահ Էրտողանի կողմէ ընծայուած կարեւորութեան:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սերկէյ Իսթրաքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան  նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի կողմէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ 15-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեայ յոբելեանը։ Հարկ է նշել, որ գործունէութեան 15 տարիներու ընթացքին այս նուագախումբը չորս փառատօն հիմնադրած է։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Անցեալ ժամանակաշրջանը Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ բնորոշուեցաւ լուրջ լարուածութիւններով։

Էջեր