Եկեղեցական

ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ

Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկիզբ առած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացքներուն առթիւ սփիւռքի զանազան թեմերէն ժամանած շուրջ երեսուն երիտասարդները:

ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ամէն տաղաւար տօնի կը յաջորդէ մեռեալներու յիշատակութիւն՝ մասնակից ընելու համար անոնք եւս տաղաւարի ուրախութեան։ Բնական է ասիկա, քանի որ մահը մարմնին բաժանումն է հոգիէն եւ թէ հոգին միշտ կ՚ապրի եւ անմա՛հ է։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխէն ուխտաւորներ մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ գլխաւորութեամբ Տ. Թադէոս քհնյ. Բարսեղեանի։

ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան կ՚ողջունէ իր ծննդեան 75-ամեակն ու քահանայական ձեռնադրութեան 55-ամեակը:
Նորին Սրբազնութիւնը ծանօթ է՝ որպէս երկխօսութեան մարդ՝ Աւետարանի խաղաղութեան պատգամին համահունչ:

ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ պատուիրակութիւն մը: Այսպէս, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցին Իսթանպուլի մէջ ունի այցելու հովիւ մը, որ երեք ընկերակիցներու հետ վերջին օրերուն փութացած էր քաղաքս:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն քաղաքս ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շաւարշ քահանայ Սիմոնեանի: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալեց՝ 28 ուխտաւորէ բաղկացեալ այս խումբը, որու նկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք:

Էջեր