ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՀԻՒՐ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր ընդունեց Ռամալլայի մէջ Յունական Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մարիոս Սթաւրոսը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան նախընթաց օր ընդունեց Ռամալլայի մէջ Յունական Կիպրոսի ներկայացուցիչ Մարիոս Սթաւրոսը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ Զէյնէփ Թաշքընն ու Հերմինէ Սայեանը:
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին հիմնադրութեան 127-րդ տարեդարձը։ Սա ընթացիկ տարեդարձէ մը աւելի նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ տօնախմբութիւնը կազմակերպուած էր՝ վերջին շրջանին կեանքի կոչուած վերակազմութեան ծրագրի ի կատար ածման ի շարունակութիւն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգեց՝ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած հերթական տխուր քայլը, որով հայկական սրբավայր մը քանդուած է հերթական անգամ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։
Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եղբայրական այցելութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ կ՚ոգեկոչենք յիշատակը Օսմանեան կայրսութենէն ներս իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան մեր Սուրբ Նահատակներու, որոնք անմահացան՝ իրենց հոգիներուն անմար պահելով սէրն առ Քրիստոս եւ առ հայրենին։

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան՝ Իսրայէլի անկախութեան 78-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան, որու տանտէրն էր երկրի նախագահը՝ Եէիցաք Հերցոք:
Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Սուրբ Երկրի նորանշանակ Պապական նուիրակ Ճիորճիօ Լինկուա եպիսկոպոսը։ Այսպէս, մոնսենիէօրը առաջին անգամ պաշտօնապէս Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը այցելեց՝ պաշտօնը ստանձնելէ վերջ
Հայց. Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու ընդհանրական հայրապետներու հանդիպումը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Տ.Տ. Եփրեմ Բ. Պատրիարքը ողջագուրուեցան՝ փոխանակելով բարեմաղթանքներ եւ աղօթելով տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման համար: