Լրահոս

15 ՅՈՒԼԻՍԻ 10-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Այսօր, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիս 2016 թուականի տխուր դէպքերուն 10-րդ տարելիցը։ Ձախող պետական հարուածը տասն տարի առաջ եկած էր Թուրքիոյ մէջ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ ժողովրդավարութիւնը, ազգային միասնականութիւնը անփոխարինելի են երկիրը ամէն տեսակ ցնցումէ պահելու համար։

ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալմամբ, Էլիզէի պալատէն ներս ծաւալուն քննարկում:
Փարիզ մեկնած էր նաեւ նախարար Հաքան Ֆիտան. Ուքրայնայի հարեւան երկիրներուն մէջ ալ կը նախատեսուին ռազմափորձեր:

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ. 90 ՖԻԼՄ 40 ԵՐԿՐԷ

Շարժանկարի աշխարհին ուշադրութիւնը այս շրջանին կեդրոնացած է Երեւանի վրայ, ուր ընթացքի մէջ է «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ միջազգային փառատօնը։ Աշխարհի քառասուն երկրէ իննսուն ֆիլմ կը ցուցադրուի այս փառատօնի շրջանակներէն ներս։

ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՆԿՈՒՄ

Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշները կը շարունակեն նուազիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան առընթեր հասարակական խորհուրդի նիստին այս մասին ահազանգ հնչեցուց նախարար Արսէն Թորոսեան։

ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Վաղամեռիկ ատամնաբոյժ Նարօտ Ալճանի անժամանակ ու ցնցիչ կորուստին ցաւը սուգով համակեց համայնքային շրջանակները:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ. Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից:

ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ՆԵՐՔԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Վարդավառը միայն ժողովրդական ուրախութեան, ջուրի ցօղման կամ ամառնային տօնախմբութեան օր մը չէ, այլ ան նախ եւ առաջ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Պայծառակերպութեան յիշատակութիւնն է՝ այն հրաշալի պահուն, երբ Թաբոր լերան վրայ Քրիստոս իր աստուածային փառքը յայտնեց իր աշակերտներուն՝ Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին։

Էջեր