ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ թաղի վարժարանի ի նպաստ հերթական նուիրահաւաքը։ Համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։

Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ներկայ էր նաեւ Նորին Ամենապատուութեան գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Սիրոյ սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սէրլի Արապօղլու-Տեմիրի։ Հանդիսադիր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Տէրունական աղօթքէն վերջ տուաւ օրուայ պատգամը։ Ան քարոզին մէջ բարձր գնահատեց՝ տնօրէն Մելիքճան Զամանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ Եշիլգիւղի վարժարանէն ներս տարուած կրթադաստիարակչական գործունէութիւնը։ Այս պահուն դպրոցէն ներս ուսում կը ջամբուի աւելի քան 280 մանուկներու, որոնց համար թաղային խորհուրդն ու ամբողջ Եշիլգիւղի ընտանիքը տուած են ձեռք ձեռքի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, որով յիշուեցան այս եկեղեցւոյ հիմնադիր բարեյիշատակ Տատեան գերդաստանի հոգելոյս անդամները, երջանկայիշատակ հոգեւոր հովիւներն ու քարոզիչները, սատարողները, վարչայիններն ու բոլոր սպասաւորները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը՝ համավարակի հետեւանքով շատ նեղ շրջանակի մը համար նախատեսուած ճաշասեղանով մը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Հանգանակութեան արդիւնքը, Եշիլգիւղի պարագային եւս բաւարար չեղաւ դպրոցի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու, որովհետեւ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին հազիւ կէսը ապահովուեցաւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2021