Թրքահայ կեանք

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս իրականացուցին շրջայց մը, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներու գործերուն։

ԻՍՔԵՆՏԵՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Մեծ պահոց շրջանին դէպի գաւառ կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Այսպէս, երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութիւնները, որոնք բառին բուն իմաստով գաւառի մեր աւանդութիւններու վերակենդանացման եւ գաւառներէ ներս համայնքային կեանքի հնարաւորինս կենսունակ պահպանման տեսակէտէ լուրջ նշանակութիւն ունեցան։

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ, Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը հերթական անգամ ներկայացուց «Vay Başıma Gelen» խաղը, որու ընթացքին թատերասէրները վառ պահեր ապրեցան։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՔԷՐՄԷՍ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ

Երէկ, Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը համանուն սանուց միութեան մէջ կազմակերպեց քէրմէս մը։ Մօտալուտ Ս. Զատկին ընդառաջ, աւանդական նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ յաջողութեամբ։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ 27-ՐԴ ԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

​Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կ՚ընթանայ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ «Մարալ» միութեան կողմէ կը կազմակերպուի այս տարուան մրցոյթը, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ՝ ԴԷՊԻ ԳԱՒԱՌ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ

Պատրիարքական Աթոռը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած է դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները։ Երէկ, այս տարուան ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Երէկ, Մխիթարեան վարժարանի վեցերորդ եւ եօթներորդ դասարաններու աշակերտները շրջայց մը իրականացուցին Ոսկեղջիւրի ափին։ Պտոյտի ընթացքին աշակերտական խումբը գլխաւորեց վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկը։

ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ՆՇԵՑ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 15-ԱՄԵԱԿԸ

Մալաթիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը, որ վերջերս իր հերթական ընդհանուր ժողովը կազմակերպեց, այս շրջանին արդէն բաւական աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէ համայնքային կեանքէն ներս։ Երէկ երեկոյեան, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մալաթիոյ հայոց միութիւնը կազմակերպեց ընթրիք մը, որ տեղի ունեցաւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։

ՄԻՋԻՆՔԸ՝ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի մէջ նշուեցաւ Մեծ պահոց Միջինքը։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները կէսօրին համախմբուեցան ճաշարանին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան, հիմնադրի ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու, վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։

Էջեր