Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպում՝ Էրտողան-Փաշինեան ժամադրութեան ընդառաջ:
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը դարձեալ գետի նման վարարած է՝ միշտ բեկումնային պահու սպասումնով: Պերրիս Էքինճի եւ Վահան Կոստանեան կարծիքի փոխանակումներ ունեցան երկկողմանի օրակարգի հարցերուն եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ բարերար ու երախտաշատ կրթական մշակ հոգելոյս Արամ Գամպուրեանը՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը թաղի ընտանիքի խրախուսանքին արժանացան կրթական նոր հանգրուանին ընդառաջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ է, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ հասաւ Լոս Անճելըս, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան տօնը։ Այս առթիւ, ըստ աւանդութեան, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրիօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական փայլուն ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Վարդանանց երգչախումբի երիատասարդաց կազմը հանրութեան ներկայացաւ իսկապէս յաջող համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ ունկնդիրներու հնչեցուցած բուռն ծափողջոյններով։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այս առաւօտ, ժամը 08.00-ին, Իսթանպուլի օդակայանէն ճամբորդեց դէպի Լոս Անճելըս։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

«Հարցին բնոյթը կը գերազանցէ բոլոր քաղաքական շահերը, իբր այդ պէտք է ձեռք առնուի նրբօրէն, այլապէս եկեղեցի-պետութիւն ընդհարման վիճակ մը կը ստեղծուի, իսկ այդ պարագային մեր դիրքորոշումը յստակ թող լինի բոլորին. մեր Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շահերը եւ անկախութիւնը կը պաշտպանենք բոլոր արտաքին ճնշումներու դէմ։ Մենք լուծումը կը տեսնենք համբերութեամբ 2026-ի ընտրութիւնները սպասելու մէջ։ Եկէ՛ք, հրաժարինք զիրար որսալէ, պահ մը ետ քաշուինք ու կանգնիք Տիրոջ առջեւ»:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի թիրախաւորման եւ անոր դէմ շղթայազերծուած քարոզարշաւին մասին: Նորին Ամենապատուութեան շաբաթավերջի հրապարակումը շատ լայն արձագանգ գտաւ հայ աշխարհէն ներս:
«Եկեղեցական դասու բոլոր անդամներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը պարտին իրենց ազգընտիր, օծեալ Հայրապետին հնազանդիլ, հաւատարիմ մնալ անոր, պաշտպանել զայն եւ ընդմիշտ աղօթել անոր համար»:

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թել Աւիւ եւ Թեհրան զիրար կը թիրախաւորեն, իսկ Ուաշինկթըն պատրաստ չէ ներքաշուելու, ինչ որ միակ յոյսն է այս պահուն:
Համայն աշխարհ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան. մէկ կողմէ վէրքեր, բայց, միւս կողմէ օրհասական ժամեր:

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ժամացոյցը պարզապէս ժամանակ ցոյց տուող իր մը չէ, այլ զայն նաեւ կը կանոնաւորէ մարդուն կեանքը, անբաժան կ՚ըլլայ անոր ուրախ եւ տխուր ժամերուն, սիրոյ ժամադրութիւններուն, բերկրանքի պահերուն…

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ստեղծագործութիւնը, մշակոյթը եւ ընկերային միասնութիւնը մեծ դեր կը խաղան մարդկային կեանքին մէջ: Ներկայացումները եւ համախմբումները աւանդաբար տեղի կ՚ունենային հասարակական վայրերու մէջ, որոնցմէ մէկը շարժանկարի սրահն է:

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգին ոմանց բուժելու յատուկ պարեւաշնորհքը կու տայ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 9, ԻԸ 30), յայտնելու համար Յարուցեալին շնորհքին ուժը։ Սակայն ամենաջերմ աղօթքներն անգամ ամէն հիւանդութեան բուժումը չեն ստանար։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, բայց, մեր հայոց պատմութեան դասագիրքերը, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրը ամբողջական ու ճիշդ պատկերացում մը չեն փոխանցեր Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ստեղծումին, ինչպէս նաեւ անոր տապալման մասին. մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատ շատեր լոկ գիտեն 1918 թուական մը, մի քանի հատ ու կտոր անուններ... ու վերջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

Իսրայէլ-Իրան պատերազմը ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգութեան առարկայ դարձած է։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ բազմապատիկ մտահոգութիւններ խնդրոյ առարկայ են նաեւ Հայաստանի մէջ՝ քանի երկրի անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ հարեւան Իրանի դիրքորոշումը չափազանց նշանակութիւն ունի։

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025

Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքն ալ բաւական բանուկ է՝ Իրան-Իսրայէլ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ։

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025

Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն տարեվերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025

Համայնքային շրջանակները երէկ արցունքներու հեղեղով հրաժեշտ տուին Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն նորոգ հանգուցեալ Մելիքճան Զամանին։ Այս վերջնոյն անժամանակ կորուստը քանի մը օրէ ի վեր բառին բուն իմաստով սուգի մթնոլորտ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «ԱՊՐԻ Արմենիա» 2025-ի ֆորումը, որ կազմակերպուած էր՝ «Գտնելով կայունութիւն անկայուն աշխարհի մէջ» խորագրին ներքեւ։ «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկի «Տիգրան Մեծ» սրահի երդիքին տակ ծաւալուեցան ֆորումի քննարկումները, որոնք բազմակողմանի նիւթերու վրայ լոյս սփռեցին:

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ կազմակերպուած յարձակումները կը համարուին խափանարարութիւններ, որոնք ակնյայտօրէն միջազգային իրաւունքը առ ոչինչ կը համարեն։ 

Էջեր