Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ. «ԱՆԶԷՆ ՈՒ ԶԻՆԱԹԱՓՈՒՈՂ ԱՇԽԱՐՀ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջը անցուց Իտալիոյ մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլէն Հռոմ թռաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Տրդատ աւ. քհնյ. Ուզունեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ասիզիի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ս. Էճիտիօ աշխարհականներու միաբանութիւն-համայնքին կողմէ կազմակերպուած տարեկան մեծ հաւաքին։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ ԳՐԵԼՈՒ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ պատմուածք գրելու միջվարժարանային փառատօն մը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին: Այս տարուան փառատօնը ձօնուած էր հոգելոյս գրող Երուանդ Կոպէլեանի յիշատակին:

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Կիպրոսի երբեմնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտուհիներէն, յայտնի համայնքային գործիչ Շնորհիկ Ալթունը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։

ԱՅՑ ԴԷՊԻ ԻՏԱԼԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Իտալիա։ Կը տեղականանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցութիւն բերելու՝ «Սուրբ Էճիտիօ» կաթողիկէ աշխարհատարած համայնքի հերթական համագումարին։

ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճին, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլուն եւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըն։

ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Մենհեթթընի իր բնակարանէն ներս, իր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է եւ տակաւին մահուան պատճառները յայտնի չեն։ Նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայաշխարհէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած արուեստագէտ մըն էր՝ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած եւ խոր ցաւ յառաջացուցած է համայն հայաշխարհէն ներս։

«ՅԱՆԿԱՐԾ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՒԱՄՄԷՐ-ՔԱՐԱՃԱ ԹԱՏՐՈՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

«Յանկարծ» թատերախումբը Իսթանպուլի մշակութային կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ։ Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը հանդէս եկաւ՝ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէճեան վարժարանի:

ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 16 ՏԱՐԵԿԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութիւնը ամսավերջին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։ Համայնքէն ներս ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու շարքին այս մէկը ամենաաշխուժներու շարքին կը դասուի եւ իր բոլորած ճանապարհով արդէն կը համարուի հաստատութենականացած։

Էջեր