Արխիւ
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ ուշադրութեան կիզակէտին պահել ճատրակը։ Շաբաթավերջին, ակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու ուղղեալ մրցաշարք մը, որ համախմբեց 33 մարզիկ։
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը շաբաթավերջին սկիզբ առաւ՝ մագնիսացնելով համայնքային մարզասէր շրջանակներուն ուշադրութիւնը։ Այս տարի 32-րդ անգամ կազմակերպուած է մրցաշարքը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Ռուբէն Սէմէրճեանի։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ տօնական բարձր տրամադրութեամբ նշեց թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրը։ Վարժարանի հանդիսասրահը դռները լայն բացած էր զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներու համար։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօր նախատեսուած է հեռախօսազրոյց մը, որուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
Իրան կը վերահաստատէ իր յստակ դիրքորոշումն ու աջակցութիւնը ի պաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
Թեհրան անձեռնմխելի կը համարէ Երեւանի ինքնիշխանութիւնը՝ մինչ Արմէն Գրիգորեան կը մատնանշէ յարաբերութիւններու թափով զարգացումը:
Հայց. Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ մասնակցութիւն՝ նորընտիր պապի անդրանիկ Ս. Պատարագին:
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի առաքելութեան մեկնարկին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 106-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական թաղէն ներս։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Երեւման Ս. Խաչի համար կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ հանդիսապետեց Մինսքի մէջ նոր կառուցուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ առաջին անգամ այցելեց Սպիտակ Ռուսիա, ուր արդէն սկսած է գործել առաջին հայկական եկեղեցին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քառասունչորս տարի առաջ՝ 18 մայիս 1981 թուականին Ֆրեզնոյի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մահացաւ աշխարհահռչակ հայազգի գրող Ուիլիըմ Սարոյեան:
Գրողի կտակին համաձայն՝ աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան եւ թաղուած «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տարիքի յառաջացման հետ, մարդոց ընկերային կապերը կը բարդանան եւ նորերը հաստատելը կը դառնայ դժուար։ Տարիքի հետ համահունչ, կեանքը կը դառնայ աւելի զբաղուն։ Աշխատանքային պարտականութիւնները, ընտանեկան բեռները եւ առօրեայ մտահոգութիւնները կը սահմանափակեն ազատ ժամանակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հակառակ որ իմ սկզբունքներուս հակառակ է, այսօր կը փափաքիմ իմ անձնական փորձառութիւններէս բաժին մը բաժնել, դուք՝ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։ Երբ տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած էի լիսէէն՝ գրել փորձեցի, հետեւելով մեծ հօրս, հօրս. բայց հայրս վերապահութեամբ մօտեցաւ իմ փափաքիս, ըսելով, որ գրելը ծանր պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է եւ պէտք է բծախնդիր ըլլալ այդ մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սուտը մարդկային պատմութենէն թէեւ անբաժան, եղած է ամէն ժամանակներու ամենէն ատելի երեւոյթը. հին փիլիսոփաներէն Պղատոն այդ ատելութիւնը կ՚ամփոփէ հետեւեալ տողերուն մէջ. «Սուտը ինքնին ատելի է թէ՛ Աստուածներու եւ թէ մարդոց կողմէ»:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շատեր կարդացած են Կոմիտաս Վարդապետի Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսին գրած հրաժարականի դիմումը: Դիմումը ո՛չ թէ եկեղեցականութենէ հրաժարելու դիմում եղած է, այլ՝ միաբանական կեանքէն հեռանալ, երթալու համար Սեւանի մենաստանի մենակեաց դառնալու:
Աստուածաշունչի ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղը երէկ գիտաժողով մը կազմակերպեց՝ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առթիւ։ Ֆէնէրի Յունաց վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թուրքիոյ մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի 9 մայիսը կը նշուի՝ որպէս Եւրոպայի օր։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց թրքահայութեան մասին։ Այս պարբերաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ «AGBU Magazine» անունով, վերջին թիւը յատկացուցած է մեր համայնքին։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը բազում երեսակներով մանրամասնօրէն ներկայացուած է «AGBU Magazine»ի կողմէ։
Իսթանպուլի մէջ, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով երէկ կազմակերպուած բանակցութիւններու արդիւնքով գերիներու փոխանակման որոշում մը առնուեցաւ։
Եւրոպական քաղաքական համայնքի՝ Թիրանի մէջ երէկ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական շփում:
Եւրոպացի ղեկավարները առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հետամուտ՝ ցամաքամասի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ժողովրդավարական դիմադրունակութիւնը ամրապնդելու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մաքրամաքուր ազնուութեամբ, երազական աշխարհով գործել ու անոնցմով կշռադատել միջազգային յարաբերութիւններն ու պետութիւններու վարած քաղաքականութիւնը, բնականաբար, նուազագոյնը անարդար է։