Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Արտաշէս Գալփաքճեանի «Հօր մը իր զաւկին հետ մտերիմ խօսակցութիւն» յօդուածաշարքէն՝ 11 Սեպտեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած հետաքրքրական յօդուածը։ Արդարեւ, մեզի համար մեծ հաճոյք է մօտաւորապէս ութսուն տարի առաջ, մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի, այս նոյն սիւնակներուն մէջ հրատարակուած յօդուածին անդրադառնալ եւ զայն ներկայացնել մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։
Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի հրաւէրով Հայաստան այցելելէ ետք Der Standard օրաթերթի լրագրող Քրիստիան Շախինկըր յօդուած հրապարակած է Հայաստանի մասին՝ ներկայացնելով հայկական շարք մը զբօսաշրջային ուղղութիւններ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Պոլիս կ՚այցելէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Վարդան Օզինեան։ Ան Փարիզէն քաղաքս փութացած է իր քրոջ՝ վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Քարաքաշեանի հետ։
Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահը պիտի յուղարկաւորուի այս Ուրբաթ:
Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր ղեկավարը իննսունչորս տարեկան էր:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ միջնորդները կը շարունակեն աշխոյժ աշխատանք տանիլ կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շրջագծով հրադադարի յարգումը խրախուսելու համար։
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման աշխատանքները կը շարունակուին։ Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակուելուն զուգահեռ սկսած գործընթացը արդէն հասունցած է բաւականաչափ։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ շաբաթավերջ Նախարարաց խորհուրդի նոր կազմը յայտնի պիտի դառնայ վերջնականօրէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ՀՕՖ-ի պատուիրակութիւնը:
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կառոյցի ղեկավար Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի մասին:
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Ագարայի մէջ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց իր պաշտօնակցին հետ՝ անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ԵՓԿ-ի խնդրին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արդէն աւարտին հասած է արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն շիրմին վերանորոգութիւնը։ Յուշարձանի մը ձեւաչափին մէջ վերանորոգուած է շիրիմը, Փարիզէն՝ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբարներու բարերարութեամբ եւ «Հայճար»ի նպաստով։
Հիւսթընի մէջ Ռայսի համալսարանի «Ճէյմս Պէյքըր» հանրային քաղաքականութեան կաճառէն ներս շահեկան հաւաքոյթ, Ճերեճեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մարտահրաւէրներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Յորդանանահայ գաղութի արուեստասէր շրջանակը բացառիկ առիթը ունեցաւ ներկայ գտնուելու «Վարդավառ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթին, որ տեղի ունեցաւ Ամմանի «Հուսէյին» մշակութային կեդրոն-թատերասրահին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի:
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօնը սկսաւ:
Երեւանի Օփերայի «Արամ Խաչատուրեան» դահլիճի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գեղանկարիչ Հրայրը (Հրայր Տիարպեքիրեան) մեծ արուեստականութիւն ունեցող անձ մըն է: Ան արթիսթիք է իր պահելաձեւով, խօսելաձեւով, ապրելակերպով… Արտաքինով հանրութեան մէջ աչքի զարնող այս գեղանկարիչը ծանօթ անուն մըն է:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանէն սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր հայերէնի ուսուցչուհի Զեփիւռ Տիզչէքէնեան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր սանի հետ, իր օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, նաեւ վերյիշեց դէպի Արժանթին հովուապետական ուղեւորութեան ընթացքին վարժարան տուած այցը։
Արթիւր Պաղտասարեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Իսթանպուլահայ երգիչը պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
1992-ի ամառը ընտանեօք Երեւան անցուցինք: Այդ օրերու մանկական յիշողութիւններուս մէջ անջնջելի տեղ կը գրաւէ Հայաստանի հացը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու անհամ էր այդ օրերու Հայաստանի սովորական հացը, քա՛ր էր կարծէք: Վրան ալ մեզի համար անսովոր ու տհաճ հայաստանեան ճաշատեսակները եւ յատկապէս կանաչիով պատրաստուած ապուրները կ՚աւելնային…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «սիրտ»ը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ յարաբերութիւններու մէջ եւ ուղեցոյց մը կ՚ըլլայ անոնց զարգացման համար։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները որդեգրած են օրէնք մը, որ կ՚արգիլէ 2020 թուականէն սկսեալ կերպընկալէ մէկ անգամ օգտագործուող պնակեղէնի վաճառքը: Մինչ այդ արտադրողները պէտք է ձերբազատուին բոլոր գոյութիւն ունեցող կերպընկալէ ամբողջ արտադրանքներէն: Հետագային անոնք պիտի կարենան այդպիսի ապրանքներ արտադրել միայն կենսատարրալուծուող նիւթերէ:
Ատրպէյճանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ մը։ 69.7 մասնակցութեան համեմատութեամբ այս հանրաքուէին հիման վրայ կը նախատեսուի վեց նոր յօդուած աւելցնել երկրի սահմանադրութեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, մասնակիցներու 86.8 տոկոսը հաւանութիւն տուաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երեւանի մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ։







