Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​19 Դեկ­տեմ­բե­րին Դա­մաս­կո­սի Ճա­րա­մա­նա շրջա­նին մէջ կը սպան­նուէր «Հիզ­պուլ­լահ»ի կա­րե­ւո­րա­գոյն հա­մարուած պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մին՝ Սա­միր Քըն­թա­ր: Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ նոյն լու­րին կա­պակ­ցու­թեամբ կը հա­ղոր­դէին, որ իս­րա­յէ­լեան օ­դա­յին հա­րուա­ծով սպան­նուած Քըն­թա­րի հետ նոյն­պէս կը զո­հուէին ի­րան­ցի տասնմէկ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

Արցախի ճակատին վրայ երէկ հայ զինուոր մը դարձաւ Ատրպէյճանի դիպուկահարներուն թիրախը:
Ըստ Կարէն Միրզոյեանի, Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է միջազգային հանրութեան:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015

ՅԱ­ԿՈԲ  ՆԱԼ­ՊԱՆՏ  ՏԼՏԼԵԱՆ

“Because I could not stop for death
he kindly stopped for me.”
Emily Dickinson

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հրա­ժա­րա­կա­նէն վերջ Վրաս­տա­նի մէջ կը հա­սուն­նայ նոր վար­չա­պե­տի ա­նուան յստա­կեց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, երկ­րէն ներս իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» դա­շին­քի խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւ­նը վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին հա­մար ա­ռա­ջադ­րեց Կիոր­կի Քվի­լի­քաշ­վի­լիին ա­նու­նը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի մե­ծա­նուն աստ­ղը՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան մաս կազ­մեց 2015 թուա­կա­նի լա­ւա­գոյն հա­րիւր ֆութ­պո­լիստ­նե­րու ցան­կին։ Անգ­լիա­կան «The Guardian» պար­բե­րա­կա­նը հրա­պա­րա­կեց ֆութ­պո­լի մէջ այս տա­րուան լա­ւա­գոյն­նե­րուն ցու­ցա­կը, ո­րու մէջ 77-րդ կար­գը զբա­ղե­ցուց Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին եւ «Պո­րու­սիա Տորտ­մունտ»ի մար­զա­շա­պի­կով հան­դէս կու գայ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հա­ւա­նա­բար յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սէն սկսեալ Շեն­կէ­նի գօ­տիի եր­կիր­նե­րը պի­տի կա­րե­նան այ­ցե­լել ա­ռանց մուտ­քի ար­տօ­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ըստ Վոլ­քան Պոզ­քը­րի, վի­զա­յի հար­ցին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցած է Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը գրէ, որ Ան­գա­րա մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Կով­կա­սէ ներս հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րու միա­ւոր­ման եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հրա­դա­դա­րի վերջ տրուե­լուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի:
Մոսկուա կը նախատեսէ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափին մէջ եւ թէ ինքնուրոյն քայլեր գործադրել՝ օգնելու համար հակամարտ կողմերուն փոխադարձ զիջումներու համնելու ճանապարհին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն ներս տաղաւարի յուզիչ մթնոլորտ:
Անարատ Յղութեան մատրան մէջ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը ի­րա­կա­նա­ցուց Նոր տա­րուան ըն­դա­ռաջ։ Վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին վրայ լա­րուած մեծ վրա­նին ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս խրախ­ճան­քը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր «Բա­րի գա­լուստ 2016» կար­գա­խօ­սով։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քով կեան­քի կո­չուած ծրա­գիր մըն էր այս մէ­կը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ապ­րուե­ցաւ Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի Ս. Ծննդեան հրճուան­քը։ Ա­նա­րատ Յղու­թեան մատ­րան մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ճրա­գա­լոյ­ցի Ս. Պա­տա­րագ, ձե­ռամբ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Ին­ծի դէմ ամ­բաս­տա­նու­թեան եւ մե­ղադ­րան­քի կէտ ը­րին թէ՝ պատ­րիար­քու­թե­նէ հրա­ժա­րիլ չեմ ու­զած։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

«Թատ­րո­նի լե­զու»ի մա­սին «կլոր սե­ղան»ի մը ըն­թաց­քին եւ ան­կէ վերջ ար­տա­յայ­տուած միտ­քեր, ո­րոնք սփիւռ­քեան կա­ցու­թեան նա­հան­ջի ա­րա­ձա­գանգ են նաեւ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

«Ա­նա­հիտ» ման­կա­կան շար­ժան­կա­րը հա­սա­նե­լի պի­տի դառ­նայ ֆրան­սա­խօս հան­րու­թեան: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ,Դեկ­տեմ­բե­րի 24-­ին լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած է «Ռո­բերտ Սա­հա­կեանց փրո­տաք­շըն» ա­րուես­տա­նո­ցի հա­մա­հիմ­նա­դիր եւ ման­կա­կան շար­ժան­կար­ներ պատ­րաս­տող Դա­ւիթ Սա­հա­կեան­ց:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Տնտե­սա­գէտ Քար­լոս Մել­քո­նեան վեր-ջերս նշա­նա­կուած է Ար­ժան­թի­նի Ազ­գա­յին դրա­մա­տան տնօ­րէն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2015

Թուր­քիոյ եւ Ի­րա­քի տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը այս շրջա­նին կը շա­րու­նա­կեն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ Ա­րա­բա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու լի­կան ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Ի­րա­քին՝ Թուր­քիոյ հետ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

22 Դեկ­տեմ­բե­ր 1972-ին, 66 տա­րե­կա­նին մեր երկ­րէն ու կեան­քէն հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ար­ձա­կին մեծ վար­պետ­նե­րէն Մկր­­տիչ Ար­մէն (1906-1972), որ իր «­Հեղ­նար աղ­բիւր» վի­պա­կով ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճեց ան­մա­հու­թիւ­նը եւ իր տե­ղը գտաւ հայ գրա­կա­նու­թեան Մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

​Կանգ ա­ռի թեր­թա­վա­ճա­ռի կրպա­կին առ­ջեւ: Բազ­մա­թիւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ՝ հաստ վեր­տա­ռու­թիւն­նե­րով կամ բա­ցա­ռիկ հա­մար­նե­րով, կ՚անդ­րա­դառ­նա­յին հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան, հա­մե­մուած թուղթ ծա­խե­լու նպաս­տող ցնցող լու­րե­րով, եւ ան­թա­քոյց կը խօ­սէին կրօ­նա­կան պա­տե­րազ­մի մա­սին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ աւանդական դարձած այս նախաձեռնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Մեր ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Մենք ունինք մասնաւոր բաժին»:

Էջեր