Արխիւ
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան տնօրինութեամբ, Իշխանաց կղզիներու մէջ կը սկսի ելեկտրական ինքնաշարժներու օգտագործումը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր կղզիներէ ներս կ՚օգտագործուէին ձիակառքերը։ Վերջին շրջաններուն հանրային կարծիքին մօտ զգայնութիւն յառաջացած էր անասուններու իրաւունքներու ոտնահարման ողբերգական դրսեւորումներուն շուրջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ երազնե՜ր ուին, մարդիկ բաղձանքներ ունին, անոնք ունին նաեւ յուսախաբութիւններ, զգայախաբութիւններ, պատրանքներ։ Մարդ միշտ կրնայ դիմաւորուիլ անակնկալներով, որոնք կը հակադրեն իրենց երազները, բաղձանքները, դէմ կու գան անոնց եւ արգելք կը հանդիսանան անոնց իրականացման։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան վերջին կացութեան շուրջ թարմ տեղեկութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները:
Ծանօթ է, որ քորոնայի համավարակը բացասական ազդեցութիւն գործած է մեր եկեղեցական կեանքէն ներս եւս։ Այս պարագան պարտադրած է, որ Պատրիարքական Աթոռը հարկաւոր տնօրինութիւններ ընէ եկեղեցիներու մէջ կատարելի բոլոր արարողութեանց մասին։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը թէեւ ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի, սակայն ցուցանիշները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի պարագային։
Երէկ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։
Պէյրութի աւերիչ պայթումի հետեւանքներու յաղթահարման համար լիբանանահայութիւնը շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր լծակները: Նորաստեղծ գործադիր մարմինը անմիջապէս գործի կը ձեռնարկէ՝ ժողովուրդի կարիքները դիմագրաւելու եւ կառոյցները ապահովելու նպատակով:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծանր ազդեցութիւնը անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնայ քաղաքական կեանքին վրայ. կառավարութեան հրաժարական:
Լիբանանի վարչապետը ահազանգ հնչեցուց երէկ պաշտօնէն հեռանալու ժամանակ: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց՝ միջազգային հզօր աջակցութեան համար:
Կը տեղեկանանք, որ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ երէկ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան դէմ դիմում կատարած է՝ Քրալ Պեքինքայայի դէմ, որ վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր հայատեաց յայտարարութիւններով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նայիրա Սերթշիմշէք փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է ձիավարութեան մէջ։ Ան շատ փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է այս մարզաձեւին եւ արդէն սկսած է քաղել իր հետեւողականութեան պտուղները։
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍԿ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ(*)
Օրեր առաջ, 4 օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը ցնցեց համայն աշխարհը: Սարսռազդեցիկ լուրերուն հետեւող բոլոր սրտցաւ մարդոց պէս հոգեպէս աղէտահար եղայ նաեւ ես:
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Մութը ետիդ թողած լոյսին բերիր
Ով նուիրեալ հոգատար աղջի՛կ,
Անանուն, բարեգութ, ազնիւ հոգի
Հիւանդապահուհիի վկայականդ չէր
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այստեղ երեք հարցումներ կ՚ըլլան.
Առաջին. Ինչո՞ւ համար այդքան կրկնեց հացին մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւական արագ զարգացումներ կ՚արձանագրուին Պէյրութի մէջ։ Պայթումին հետեւանքները տակաւին չեն մաքրուած մայրաքաղաքի զանազան շրջաններէն, բայց եւ այնպէս, քաղաքական ընդհանուր պրիսմակին մէջ առկայ զարգացումները ցոյց կու տան, որ ցնցումի կողքին արտաքին որոշ ուժեր կ՚ուզեն անպայման ներգործօն դեր մը ունենալ Լիբանանի պարագային։ Ճիշդ էր՝ ի դէպ, որ Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապ մատնուած էր բաւական բարդ դրութեան մը, բայց ոչ ոք կ՚ակնկալէր անոր այսքան արագ հրաժարականը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսուցչութիւն ըրի». Այսպէս կ՚ըսէ մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան իր յուշագրութեան մէջ առաջին ուսուցչական պաշտօնին մասին պատմելով: Վարժարանը գերազանցութեամբ աւարտելէ ետք Աճառեան սկսած է ուսուցչական պաշտօն փնտռելու եւ հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ չկայ որեւէ իր եւ իրողութիւն, որ չունենայ իմաստ մը, նշանակութիւն մը։ Արդարեւ, ամէն ինչ ստեղծուած է նպատակի մը համար, նպատակի մը ծառայելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք եւ կը խորհդածենք կեանքի մասին, եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ կեանքը ամէն օր տարբեր հոգեվիճակներով, տարբեր իրավիճակներով կ՚ապրինք։ Ամէն օր որ կ՚ապրինք, կեանքին տարբեր երեսակներովը կը դիմաւորուինք։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճեք Լանտըն կը համարուի այն բացառիկ հեղինակներէն, որոնք դուրս եկած են «բնականոն»է եւ դարձած՝ յառաջատար, անփոխարինելի անհատականութիւններէն մին։ Լանտընի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը կը հետաքրքրէ բոլոր մարդիկ՝ անկախ իրենց մորթի գոյնէն, ցեղէն, ազգութենէն, տարիքէն կամ կրթութեան աստիճանէն։ Իր գիրքերու հերոսները՝ հասարակութեան իրողութիւնները ցոլացնող կերպարները կը հմայեն իրենց անկեղծութեամբ, քաջութեամբ, համարձակութեամբ ու ազնուութեամբ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ քարոզին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ծանր կսկիծին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը վշտակցութեան խօսք մը արտասանեց՝ Պէյրութի պայթումին բերումով:
«Թող Բարձրեալ Տէրը Լիբանանի ժողովուրդը պահէ իր օրհնութեան ներքեւ, օգնէ անոր՝ այս ծանր պահուն կորովի եւ աննկուն մնալու համար»:
Հայաստանի կողմէ նախատեսուած օժանդակութեան առաջին խմբաքանակը հասաւ Լիբանան:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռախօսազրոյց մը ունեցան: Զարեհ Սինանեան այցելեց Պէյրութ: