Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ներքին խաղաղութիւն ունենալ, ներքին խաղաղութեամբ ապրիլ կեանքը՝ ամենամեծ հարստութիւնն է մարդուս համար։ Արդարեւ, յաճախ կը հարցնեն՝ թէ մարդ եթէ նոյնիսկ կատարելապէս առողջ ըլլայ, մարմնապէս, բայց ներքին խաղաղութիւն չունենայ, կրնա՞յ երջանիկ ըլլալ եւ կրնա՞յ կատարեալ նկատել ինքզի՛նք։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔՐԵԱՆ
Մեր ապրած երկիրներուն մէջ դպրոց յաճախելու հիմնական դժուարութիւնը ընդհանրապէս կը նկատուի դրամական միջոցներու անբաւարարութիւնը: Բացի կրթաթոշակէն եւ գիրքերէն՝ շատեր նոյնպէս ունին երթեւեկի տաղտուկը, որմէ խուսափելու համար ոմանք կը քալեն… բայց լսա՞ծ էիք, որ կան լողալով եւ մագլցելով դպրոց յաճախողներ:
Աշխարհահռչակ մեներգչուհի Յասմիկ Պապեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը եւս ծափահարուեցաւ իր արձանագրած փայլուն յաջողութեամբ:
Սարգսեան եւ Փաշինեան հիւրընկալեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:
Վարչապետ. «Անպայման պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրները, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի առջեւ են»:
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին առթիւ Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ 19 փետրուարին Յովհաննէս Թումանեանի կեանքին, գործունէութեան ու վաստակին վերաբերեալ տեսանիւթ մը ներկայացուեցաւ աշակերտներուն։

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ՝ Աննա Սարը Սեչքին, Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Մելիսա Թուրաչ Պալչըք եւ Թամար Մանկասար։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիէն ներս վերջերս կազմուեցաւ տիկնանց յանձնախումբ մը, որ անուանուեցաւ թաղի երբեմնի վարժարանի անունով։ Այսպէս, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեամբ եւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի ջանքերով գործել սկսաւ Վառվառեան տիկնանց կազմը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
… Կ՚ըսէ գայլը՝ գառնուկին, «անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ կը խմես ջուրը»:
Առակը ծանօթ է բոլորիս: Գառնուկը ջուր կը խմէ առուակին վարի մասէն, իսկ գայլը, որ կանգնած է հոսանքի վերին մասին, գառնուկը կը մեղադրէ իր ջուրը պղտորելու յանցանքով:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Կը կարծեմ, թէ աշխարհիս վրայ չի գտնուիր մէկը, որ չէ լսած Ֆրանսայի մշտափայլ աստղ Էտիթ Փիաֆի գեղգեղուն ձայնը։
Շանսոն, անուշաբոյր, տաք քրուասան, բացօթեայ փոքրիկ սրճարանները նեղլիկ մայթերուն, Էյֆէլ, Շան զ՚Էլիզէ պողոտայ, նրբաճաշակ գեղեցկուհիներ…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սոչիի ժողովն ու Սուրիոյ ընդհանուր պատկերը…
Եթէ երկու բառով փորձենք վերլուծական հայեացքով բնութագրումը կատարել անցեալ շաբաթ՝ 14 փետրուար 2019-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, ապա մէկ նախադասութեամբ պիտի ըսենք՝ «սպասողական»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրոյենց 1868-ին հրատարակած է «Իրաւախոհներ»ուն Ա. հատորը՝ ուր քննադատեց Հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի «Հիմնական Տարբերութիւն» գիրքը։
Միակ առաջին այլ շարունակելի տետրով մը պատասխանեց ասոր Հ. Յովսէփ Գաթըրճեան՝ տեղ մը ի հարկէ անաչառ պատուադրութեամբ մը անուանելով Տէրոյենցը «Կաթոլիկ Եկեղեցիէն դուրս միա՛կ հայը, որ ցարդ մնացած է անհաւասարելի՝ Հռոմէական եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն պատմական հմտութիւններուն մէջ»։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շատ անժամանակ ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու նուիրեալ դէմքերէն Աւետիս Արզուման։ Ան Սամաթիոյ ընտանիքի խորհրդանշական անուններէն մին էր։ Աւետիս Արզուման ասպարէզով արհեստաւոր մըն էր, սակայն իր կեանքի անբաժան մասը դարձուցած էր ընկերամշակութային գործունէութիւնը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը:
Փաշինեան կարեւորեց հաւասարակշռուած դիրքորոշումը տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:
«Միջնորդներու այցի նպատակն է ծանօթանալ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մանրամասնութիւններուն»:
ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը լաւատես՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ նախաձեռնութիւնով մը, որով կանխուեցաւ քրիստոնեաներու տեսակէտէ վիրաւորական երեւոյթ մը, գեղարուեստի պատրուակով։ Այսպէս, վերջին օրերուն համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտած էր աշխարհահռչակ նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր Վերջին ընթրիքի կտաւին աղաւաղուած ձեւը։
Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան ստեղծած ցաւը կը շարունակէ մնալ հայաշխարհի օրակարգին վրայ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնին մէջ սգոյ տոմար մը բացուած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
19-րդ դարու բազմահմուտ անձնաւորութիւնը՝ Յովհաննէս Պրուսացի Տէր Կարապետեան Տէրոյենց, ծնած է 1801 օգոստոս 7-ին Պրուսայի մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացաւ Պրուսայի մէջ՝ Գարագոչ Պօղոս եպիսկոպոսի խստակրօն առաջնորդութեան ատեն, ապա երթեւեկելով քաղաքին իտալական հիւպատոսարանը՝ ուսանեցաւ ինքնաշխատութեամբ իտալերէն ալ, ինչպէս քիչ ետքը յունարէն, լատիներէն, գերմաներէն, արաբերէն եւ պարսկերէն՝ յաճախելով հմուտ յոյներու եւ օտար գիտուններու քով։
ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ
Նոյեմբեր 1999-էն ի վեր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ 21 փետրուարը հռչակուած է մայրենի լեզուի միջազգային օր՝ նպատակ ունենալով քաջալերել լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը:
Բազմաթիւ լեզուներ գիտնալն ու անոնց տիրապետելը հարստութիւն է անկասկած, բայց այդ մէկը նպատակ ունենալով՝ յաճախ մարդոց նախընտրութիւնը կ՚երթայ օտար լեզուին՝ կարծելով, որ երբ օտար լեզուին կը տիրապետենք, աւելի փայլուն ապագայ մը կ՚ունենանք եւ՝ ուրիշ անհիմն պատճառաբանութիւններով:
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները։ Հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի գլխաւորութեամբ տղաքը այցելեցին խմբագրատունս, ուր օրուան սկիզբին ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երկու երիտասարդներ Մաշտոցի պողոտան հանրակառք կը բարձրանան ու կողք-կողքի կը նստին. երեսուններու մօտ այս երիտասարդներուն աչքերը կը փայլին, զուարթ դէմքերէն կը ճառագայթեն երջանիկ շողեր, ու՝
-Էստեղից Ամիրեա՞ն կը գնան,- դիտելով կը հարցնէ մին, որուն կարօտաբաշխ հայեացքներէն նկատելի է անցեալի ու ներկայի համադրում մը, երկար տարիներու յիշողութիւններու վերականգնում մը: