Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բնիկ հալէպցի եւ երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած գեղանկարիչ Տիպար Ափարթեանը վերջերս կը գտնուէր Երեւան, մասնակցելու համար Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (AMAA) կազմակերպած գեղանկարներու հաւաքական ցուցահանդէսին։ Այս առթիւ իրեն հետ ունեցանք հարցազրոյց մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Ս. Խաչ Մայր տաճարը անցած է ծաւալուն բարեկարգման աշխատանքներէ:
Արարողութիւններուն մասնակցութիւն պիտի բերէ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, պիտի ոգեկոչուին բարերարները:

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հեշտամահութիւն», այսինքն «euthanasie», իր ամենապարզ բացատրութեամբ կը նշանակէ՝ մահը դիւրացնող կամ արագացնող բժշկական միջամտութիւն։ Այս հարց մըն է, թէ կարելի՞ է միջամտութեամբ մահը արագացնել, օրինաւո՞ր է թէ՝ ո՛չ։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2019

Ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտները իրականացուցին շարք մը պտոյտներ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին «Քիտնազիա», «Լեկոլանտ» եւ «Աքուարիում»։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Գաղթող թռչուններ են կռունկները, արագիլներն ու ծիծեռնակները: Աշնան կը ճամբորդեն դէպի հարաւ, համեմատաբար աւելի տաք շրջաններ: Գարնան առաջին օրերուն կը վերադառնան տուն ու կը շինեն իրենց բոյնը:

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ էակը իր կեանքին ընթացք եւ ուղղութիւն տալու համար միշտ կը կարօտի ուղեցոյցի մը։ Այս ուղեցոյցը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ փորձառու մարդոց խօսքերը՝ խրատները։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի զուր չէ ըսուած, որ մայրաքաղաքը երկրի մը իսկական հայելին է։ Հոն է, որ տեղի կ՚ունենան յառաջիկայ գործընթացները պատրաստող դէպքեր ու հոն է նաեւ, որ կը վճռուի երկրի իրական ճակատագիրը։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019

Ճանըթըն Քոնլինի բազմակողմանի ուսումնասիրութեան հիման վրայ լոյս տեսած է «Mr. Five Per Cent» գիրքը:
Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին ծաւալուն ու շահեկան հրատարակութիւն մը:

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019

Հայաստանի կառավարութիւնը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ժողովրդագրական կացութիւնը:
Փաշինեան. «Հարցը առանձին լուծում չունի եւ պէտք է ընկալել ընկերա-տնտեսական զարգացման ամբողջին մէջ»:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգին օծո՛ւմն է Քրիստոսի, Քրիստո՛սն է որ իբր «Գլուխ Մարմինին»՝ Հոգին կը սփռէ Իր անդամներուն մէջ, որպէսզի սնուցանէ, բուժէ, կազմակերպէ զանոնք իրենց փոխադարձ պաշտօններուն մէջ, կենսագործէ, առաքէ զանոնք վկայելու, բաժնեկից դարձնէ զանոնք Իր ընծայումին Հօր եւ Իր ի սպաս համայն աշխարհի միջնորդութեան։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

ՍԱՐԳԻՍ ՓՕՇՈՂԼԵԱՆ

«Ըմբոստացած, խելագարուած, չտանելով հին կեանքը էլ անծիր դաշտում այդ հաւաքուած նրանք կռուի էին ելել»: (Ե. Չ.)
Եթէ տանելի կեանք մը ըլլար, ի հարկէ կռուի հարկ չէր ըլլար. սակայն օրերը եւ պարագաները կը ստիպեն, առանց ապագայի համար հաստատ երաշխիք մը տալու:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բառացի թարգմանութիւնը կը նշանակէ, որ Ղարաբաղը ծանր բեռ է Հայաստանի համար (Le Kharapagh est un boulet pour l’Arménie): Աքսորավայրերու եւ թիարաններու մէջ դատապարտեալներու ոտքին կ՚ամրացնէին երկաթեայ ծանր գունդ, որպէսզի չփախչին:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի գործօն անդամուհիներէն Հռիփսիմէ Մէյտանն ու Անգինէ Էվեափանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին՝ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմի մօտալուտ համերգաշարի պատրաստութիւններուն մասին։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ մեր կրթական մշակներու տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութիւնով մը, որու շնորհիւ մեր կրթական մշակները ամառնամուտի շրջանին առիթ կ՚ունենան թէ՛ քիչ յոգնութիւն թօթափելու եւ թէ վայելելու իրարու անմիջականութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եթէ որեւէ լիբանանցիի հարց տաք, թէ ի՞նչ է երկրին առջեւ ծառացած, նաեւ անոր յառաջընթացին արգելք հանդիսացող գլխաւոր խնդիրը, եթէ ձեր խօսակիցը անկեղծ է, վստահօրէն պիտի ըսէ, որ Լիբանանի մեծագոյն խնդիրը անոր կառավարման դրութիւնն է, որ հիմնուած է համայնքային բաժանումներու վրայ։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Մեծի Տանն Կիլկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ երէկ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեւած է շուրջ երկու ժամ:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Քրիստոսի Համբարձման աւանդական տօնը. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 187 տարեկան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձր գնահատեց Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած հոգաբարձութեան ջանքերը:

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս հոգեւոր ցնծութիւն:
Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան փոխանցեց իր պատգամը Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ

«Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս՝ մատնանշելով իր համբարձման։ Արդարեւ, Խաչին վրայ բարձրացումը կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկինք բարձրացումը։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած եռալեզու յայտագրով։

Էջեր