Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի Ամանորի հաւաքոյթը։ «Հայճար»ի ընտանիքը տարեմուտի առթիւ փափաքած էր ընդունելութիւնով մը համախմբել իր համակիրներու եւ գործակիցներու շրջանակը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018

Երեւանի կեդրոնէն ներս փողոց մը կոչուեցաւ Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտայի առաջին փակուղին կոչուեցաւ հրեայ արմատներով իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի անունով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018

Արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ երէկ հիւընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ:
Չավուշօղլու եւ Ալիեւ ընդգծեցին, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները գերազանց մակարդակի վրայ կը գտնուին:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15, 2018

Խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջողութենէն վերջ այցելութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը Նիկոլ Փաշինեանին մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը՝ ծրագրերու իրագործման ճանապարհին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Ազգային Պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրք զինեալ ուժերը ռմբակոծումներ կատարած են Իրաքի հիւսիսին։ Այսպէս, ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծած են Սինճարի եւ Քարաճաք լերան շրջանները, որոնք ահաբեկիչներու կողմէ որպէս խարիսխ կ՚օգտագործուէին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Սուրիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Երեւան։ Այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ էր երկրի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններէն Նորա Արիսեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

ՍԾՏՀԿ-ի ժողովի ծիրէն ներս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ:
Սերկէյ Լաւրով. «Մոսկուա կը փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը տեսնել արդար ու փոխադարձ ընդունելի հիմքերու վրայ»:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի հեղինակած գիրքը լոյս տեսաւ «Սուրբ Թագաւոր» մատենաշարէն, Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի մեկենասութեամբ:
«Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան Գատըգիւղի հետքերով» ուսումնասիրութիւնը անանտեսելի նպաստ մը կը բերէ թրքահայ հաւաքական յիշողութեան եւ պատմութեան ընկալումներուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կ՚երթանք դէպի ետ՝ 1899 թուականին, եւ պատմութեան այս ճամբորդութեան մէջ, «ՄԱՍԻՍ» կիսամսեայ հանդէսին 15 մայիս 1899 թուակիր օրինակին մէջ կը հանդիպինք Մ. Շ. ստորագրութեամբ շահեկան յօդուածի մը՝ «Միջազգային իրաւախոհութիւն խաղաղութեան դեսպանախորհուրդին առթիւ» խորագրով, ուր կը նկարագրուի Լա Հէյի դեսպանախորհուրդի պատմական կարեւոր ժողովը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս դէպքը վերջերս տակաւին պատահած է Ճաբոնի մէջ։ Արդարեւ, 35 տարեկան Աքիհիքօ Քոնտօ նոյեմբեր 4-ին ամուսնացած է պուպրիկի մը հետ եւ ամուսնութեան այդ խրախճանքին ծախսած է 18.000 տոլար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Մարիա կը մնայ իր ընկալման սահմաններուն մէջ ու շնորհակալութիւնը կը յղէ տարերքներուն Արարիչին, ինչպէս միշտ կ՚ընէ եկեղեցւոյ կամարներէն ներս, ուր կը վերանայ, երկիւղածութեամբ կը համակուի, կը մենանայ Անոր հետ իր աղերսներուն ու շնորհակալութեանց յղման ընթացքին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի սանուց միութեան հովանաւորութեան տակ ստեղծուած «Բարեւ» թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ։ Բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի մականին ներքեւ խումբը ներկայացուց երկու խաղ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւս թաղականներուն հետ փութացած էր Գումգաբու։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը։
Գերմանիոյ հայոց թեմի պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ՝ առաջնորդ հայր սուրբի նախագահութեամբ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ժողովուրդներու զարգացման, յառաջդիմելու եւ քաղաքակրթուելու ընդհանուր պատմութեան հիմը եղած է միշտ նիւթական կեանքը։ Նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներու մէջ, կամ այդ պայմաններուն տակ գտնուող հասարակութիւնները օրը օրին ապրելու տաղտուկները միայն ունին եւ իրենց նիւթական, եթէ կարելի է ըսել տնտեսական կեանքով, որեւէ կերպով փոխադարձ յարաբերութիւններու մէջ չեն գտնուիր իրենց սահմանակից օտար ցեղերու հետ, բոլորովին մեկուսացած գոյութիւն մը ունին անոնք։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում մը, որ մեզմէ շատեր յաճախակի կերպով կը հարցնեն, հասկնալու համար մեր գոյութեան, մեր լինելիութեան պատճառը: Հարցումը ինքնին ինքնաքննութեան եւ ինքնաճանաչումի առիթ մը կ՚ընծայէ իւրաքանչիւրին, որոնք այդ հարցումը կ՚ընեն իրենք իրենց:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Թայմ» պարբերականը իր անցեալի թիւերէն նիւթ մը թարմացուցած է, ուր կը խօսուի նաեւ հայազգի գրող Մայքըլ Արլէնի մասին: Խումբ մը գրողներու հետ քննութեան առնելով նաեւ Արլէնի անունը, պարբերականը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին աշխարհահռչակ գրողը այսօր գրեթէ մոռացութեան մատնուած է:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Լոս Անճելըսի մէջ ազդարարուեցաւ «Սրբոց Յակոբեանց Ասպետներ» հիմնադրամի հաստատումը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին ի պատիւ ջերմ ընդունելութիւն՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018

Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակին Գումգաբուի մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ, ինչ որ կ՚ազդարարէ տօնական շրջանի սկիզբը։

Էջեր