Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018

Ինչպիսի՞ կերպար մը պէտք է մարմնաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահը։
Արմէն Սարգսեան հաւանական թեկնածու։
Սերժ Սարգսեան Երեւանի մէջ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ յայտնի մտաւորականներու հետ յառաջիկայ գործընթացին շուրջ։

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ոգեկոչեց անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը։ Հայ մշակոյթի այս մեծ նուիրեալը վերյիշուեցաւ՝ մասնակցութեամբ իր անուանակից թոռան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վարժարաններու սաները վերջին օրերուն այցելեցին մայրաքաղաք:
Զէքիեան Գերապայծառին կողմէ գլխաւորուած խումբը Անգարայի մէջ ունեցաւ անմոռանալի տպաւորութիւններ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Միացեալ Նահանգներու Մէյն նահանգի Լիւպէք քաղաքին մէջ գտնուող պատմական շինութիւնը փոթորիկի պատճառով յայտնուած է Գանատայի տարածքին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութներու ցանցը եւ Արարատեան Հայրապետական թեմը Սիրահարներու տօնին ընդառաջ նախաձեռնած են «Իմ գաղտնի գրքասէր. սիրոյ խոստովանութիւն գիրքով» միջոցառման։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայրենիքի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս երկխօսութիւնը կը շարունակուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

TRT-ի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին տեսագրութեան համար:
Յոբելեանի առթիւ հարցազրոյց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Աֆրին եւ Մենպիչէն սկսեալ Սուրիոյ ահաբեկչական լծակները պիտի ցրենք»:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ տեղի կ՚ունենան շփումներ, փոխանցուած պատգամները վերջնականօրէն ժխտական չեն, սակայն յստակութիւն չկայ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան այսօրուան ժողովներուն ընթացքին կը ճշդուին Թուրքիոյ՝ ներկայ փուլի առաջնահերթութիւնները:

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

Հե­ղի­նակ՝ ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ
Կը ներ­կա­յաց­նէ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանին բազմավաստակ ծառայութեան պտղաբեր արդիւնաւորութիւնը անուրանալիօրէն անջնջելի եւ սրբադրոշմ կնիքով լուսաւորեց Հայ Եկեղեցին՝ հարստացնելով անոր հոգեմտաւոր գանձարանը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առաջաւորաց պահք»ը կը հաշուուի Զատկին հետ համեմատելով եւ անոր հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունենալով՝ Յունուար 11-էն մինչեւ Փետրուար 15։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու շատ սիրուած ու յարգուած բարերարներէն մին՝ Անդրանիկ Բարունակեան։ Ան հազիւ 65 տարեկանին աչքերը փակած է կեանքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած իր սիրելիներէն։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Աստուած» բառը, հաւանաբար ամենէն շատ գործածուած բառերէն մէկն է, քանի որ մարդ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ, զանազան առիթներով՝ աղօթելու ժամանակ, հոգեկան նեղութեան մը ատեն, դժուարութեան մը դիմաց, անակնկալի մը առջեւ կը յիշէ զԱստուած, կը բացագանչէ. «Աստուա՜ծ իմ»։ Մարդ, Աստուծմէ օգնութիւն կը խնդրէ, Աստուծոյ անունը արտասանելով ինքզինք ապահով կը զգայ եւ Աստուծոյ վստահելով կը մխիթարուի, կը խաղաղի եւ կը հանդարտի հոգեպէս։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Անկարողութիւն» բառը այս յօդուածին մէջ, ինչպէս անգլերէն թարգմանութիւնը կը բացայայտէ, կ՚ակնարկէ մարմնական թերակատարութեան եւ ոչ թէ մտային կամ մասնագիտական անկարողութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յունուար 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ իր հանճարեղ զաւակներէն Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 94-ամեակը։ Շարժանկարի արոոեստին բանաստեղծականութիւնն ու խորհրդապաշտութիւնը Փարաճանով մարդկութեան մատուցեց ամենայն գեղեցկութեամբ ու կենսայորդ տեսարաններով։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի կը պատրաստուի այցելել Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հնարաւոր չէ մէկ փաստաթուղթով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ անհրաժեշտ է փուլային մօտեցում։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Գերմանիոյ հայոց թեմի թեմական խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը կը փոխարինէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վարդապետ Իսախանեան:

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Աֆրինի գործողութիւնները կրնան սկսիլ ամէն պահ»:
Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները անխուսափելի եւ անհեռանկար լարուածութեան մը ծնունդ տուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու պիտի տեսակցի Թիլըրսընի, իսկ զօրավար Հուլուսի Աքար՝ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ:

Էջեր