Արխիւ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օր-ուան տեւողութեան Փութին կը տեսակցի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։

Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Ամենայն սրբոց տօնին օրը Նիւ Եորքի մէջ արիւնալի դէպք մը պատահեցաւ. 8 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Մենհեթթընի պատահարէն վերջ Թրամփ յայտնեց, որ պիտի չարտօնեն՝ որպէսզի ԻՇԻՊ վերադառնայ ԱՄՆ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ խօսքը կը վերաբերի հարստութեան բաժանումին, Ռուսաստան աշխարհի ամենէն անհաւասարակշիռ հիմնական երկիրներէն մէկն է: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քառորդ դար ետք դրամատիրութիւնը վրէժխնդրութեամբ ժամանեց:
Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Նոյեմբերի 15-23 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։
Իսրայէլի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի պարգեւատրման արարողութիւնը՝ Ազնաւուրի ընտանիքի կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն հրեաներու եւ միւս ժողովուրդներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերու համար։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Ղարաբաղեան հարցին շուրջ Էրտողան կրկնեց Թուրքիոյ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներու լոյսին տակ բացայայտ սկսած է դառնալ, որ սուրիական «մեծ խաղ»ին մասնակից գլխաւոր ուժերը կը փորձեն ամէն գնով նախապատրաստել երկրին համար «նախատեսուած» յաջորդ փուլը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի նորահաստատ Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ առաւ իր տեղը՝ հիմնադրութեան 110-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին:
Հայաստանի Ազգային գրադարանին յարակից ստեղծուած կառոյցին մէջ ներկայացուած են թերթիս զանազան հին համարներն ու անցեալի խմբագրատուներէն դրուագներ:
Հայ գրատպութեան փառաւոր ուղին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատներու եւ հասարակութեան քաղաքակրթական բովանդակ կերտուածքը վայելքի ձգտումին մարմնացումը եւ գործադրո՛ւմն է։
Արդարեւ, մարդկային բոլոր աշխատութիւններուն, տքնութիւններուն, տուայտութիւններուն պատմութիւնն է քաղաքակրթութիւնը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր կը գտնուէր Գերմանիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Թորոս Աբիկի, Թեքին Տեմիրճեանի, Կարապետ Մխալեանի եւ մեր համայնքէն այլ խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ։
Հայաստանի մէջ կը նորոգուի Արտաւազիկ եկեղեցին, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Ան կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։ Այստեղ վերականգնման աշխատանքներ առաջին անգամ կ՚իրականացուին։
29 Հոկտեմբերի առթիւ Հանրապետութեան նախագահին տանտիրութեամբ պաշտօնական ընդունելութիւն:
Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած շքեղ երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էր՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ մեր համայնքին կողմէ շնորհաւորեց Էրտողանը:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխեց իր հրատարակութեան 110-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը 28 հոկտեմբերին դարձաւ 110 տարեկան։ Իր գոյութեան երկրորդ դարուն մէջ ան արդէն բոլորեց տասնամեակ մը եւս։ Ուրեմն ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ողջունէ նոր տարի մը, նոր հանգրուան մը՝ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ինքնավստահ ու մանաւանդ՝ իր հաւատարիմ ու սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ուս ուսի, սիրտ սրտի։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ մեր համայնքի երիտասարդները խրախուսել՝ Փալագաշեան կտակի միջոցներով։ Երէկ, թաղային խորհուրդը բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ գոհաբանական Ս. Պատարագ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Լոս Անճելըսի Ս. Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ: