Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կը խօսինք սիրոյ մասին, սիրելու մասին, սիրոյ բարիքներուն եւ անհրաժեշտութեանը մասին։ Կը խօսինք, բայց որքան կը գործադրենք սիրոյ բարիքները, մեր կեանքին եւ մեր փոխյարաբերութիւններու մէջ որքա՞ն կ՚ապրինք սէրը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի նոր խաղաշրջանի ծրագիրը:
«Սասունցի Դաւիթ»ի երաժշտական ներկայացմամբ Երեւանի առաջնախաղը փայլուն անցաւ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս ամսավերջին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Իրաքի խորհրդարանը, Սեպտեմբերի 25-ին նախատեսուած այս հանրաքուէին համար արդէն ժխտական որոշում մը առաւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան կտրուածքով երկրի մաքրոտնտեսական ցուցանիշները լաւագոյնն են տարածքաշրջանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան երէկ խորհրդարանի եւ կառավարութեան հարց ու պատասխանին ժամանակ ըսաւ.

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երէկ ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս, Հարպիյէ, երէկ կատարուեցաւ «Արդի Իսթանպուլ» գեղարուեստական մեծ ցուցահանդէսի բացումը։ «contemporary istanbul»ը այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Բացման օրը գեղարուեստական ու գործարար աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր այցելեցին ընդարձակ համալիրը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն ժողով մը գումարեց՝ յառաջիկայ ծրագրերուն համար:
Մեր համայնքէն Ալէն Թեքպըչաք, Հայկարամ Քարասու եւ Տիգրան Ալթուն տեսակցեցան Իշխան Զաքարեանի հետ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայիս յառաջ կը տարուին վերանորոգման աշխատանքներ։ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր մեզի յայտնեց, որ եկեղեցւոյ պարիսպները, արտաքին պատերը ամբողջութեամբ կ՚ամրացուին ու կ՚ենթարկուին բարենորոգութեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ Պատրիարքարանի մէջ:
«Յովակիմ 1461» հիմնարկին համար կը նախատեսուի աշխարհականներու մասնակցութեամբ ղեկավարման նոր դրութիւն մը՝ համայնքի նոր խմորումներու լոյսին տակ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

Եղիշէ Չարենցի եւ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծած մեղեդիները պիտի հնչեն Հոկտեմբերի 1-ին՝ Վանաձորի, Հոկտեմբերի 2-ին՝ Հառիճավանքի, եւ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին՝ Արցախի մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ ամիս պիտի այցելէ Գերմանիա։ Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500-ամեակին առթիւ Պերլինի մէջ նախատեսուած են շարք մը յոբելենական արարողութիւններ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերէ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ, ամրան արձակուրդի աւարտին հետզհետէ վերստին թափ կը ստանայ նաեւ համայնքային կեանքը։ Մեր եկեղեցիներու տարեկան սիրոյ սեղաններու շրջանը դարձեալ պիտի բացուի՝ հաւասարակշռելու համար անոնց յարակից մեր ազգային վարժարաններու պիւտճէները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ անկիւնադարձային խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին ջուրի երես եկան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս դժբախտաբար յառաջացած լուրջ խցանումները, որոնք դարձեալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր եւ ինքնաբերաբար կ՚իմաստազրկեն մինչեւ տարեվերջ քուէարկութեան մասին միջոց մը առաջ հրապարակուած ժամանակացոյցը։
Ժողովի ընթացքին վերջնականօրէն համայնքի օրակարգին վրայ տեղ գտաւ, որ պատկան իշխանութիւնները ներկայիս կը պահանջեն նախաձեռնարկ մարմնին լուծարումը: 30 օգոստոսի տօնական ընդունելութեան համար պետութեան կողմէ աթոռի անտեսման խնդիրն ալ բուռն քննարկումներու առարկայ դարձաւ: Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը դուռ կը բանայ անորոշութեան եւ սպասման նոր շրջանի մը, որու պայմաններուն ներքեւ ընտրութեան հեռանկարը կ՚ենթարկուի կասկածի։
Պետրոս Շիրինօղլու մասնաւորապէս ներկայացուց իրեն փոխանցուած պատգամներ։ Ժողովականները միանշանակ դիրքորոշում մը չկրցան որդեգրել առկայ իրադարձութիւններու պարագային։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի երէկուան ժողովէն վերջ առիթն ունեցանք զրուցելու Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Անմիջական ձեւաչափի մը մէջ նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ այս սիւնակին մէջ անցեալ Ուրբաթ՝ 8 Սեպտեմբեր 2017 թուականին մեր կողմէ ստորագրուած յօդուածին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

Երեւանի մէջ Սեպետմբեր 11-Հոկտեմբեր 27 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ Երաժշտական միջազգային 11-րդ փառատօնը։ Երեւանեան փառատօնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Փառատօնի օրերուն սիմֆոնիկ եւ քամերային համերգներով «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ պիտի հիւրընկալուին շուրջ քսան հանրայայտ մենակատարներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի բարեկամներ, ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. կորսնցնել որեւէ արժէք, եւ յետոյ անիկա փնտռել, թէ չկորսնցնելու համար զայն՝ զգոյշ ըլլալ, կարելի չափով միջոցառումներու դիմել, եւ չկորսնցնելու համար խնամք տանիլ, հոգալ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ժպիտը զգացողութեան մը արդիւնքն է եւ փոքրիկ մասնիկ մը դէմքիդ վրայ, որ ո՛չ միայն քեզ գերերջանկութիւն, հոգիիդ խաղաղութիւն կ՚առթէ, այլ քեզմէ դուրս կ՚արտացոլայ ու կը ճառագայթէ՝ շրջապատդ ուրախացնելով եւ հաճելի, սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Ժպիտը բազմաթիւ շարժառիթներ ունի, որոնցմէ ամենահեշտը եւ ձեռքբերելին՝ շնորհակալութիւն բառն է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017

​Երեւանի հիմնադրման 2799-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Սքայպոլ ընկերութիւնը կը կազմակերպեն օդագնացութեան միջազգային «Բացայայտէ՛ Հայաստանը երկինքէն» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 14-17 թուականներուն միջեւ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը եւ Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը անցեալ ամառ համագործակցաբար կազմակերպեցին ճատրակի մրցաշարք մը։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս մրցաշարքին եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։ Բոլոր դասաւորումներու մէջ դափնեկիր դարձած ճատրակի խաղացողները ստացան պարգեւներ եւ վկայականներ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2017

Ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի գործիչներէն մին՝ Վարդգէս Ստեփանեան։ Յառաջացած տարիքի մէջ ան հրաժեշտ կ՚առնէ կեանքէն եւ իր կորուստը առիթ կը հանդիսանայ՝ որպէսզի վերյիշուի մօտաւոր անցեալին մեր հաւաքական կեանքէն ներս ծաւալած գործունէութիւնը։

Էջեր