Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդապետներու երկու դասակարգ գոյութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ 1.- «Մասնաւոր», որ ունի չորս աստիճաններ, եւ 2.- «Ծայրագոյն» կամ «Աւագ», որ նախորդէն աւելի ունի տասը աստիճաններ եւս։
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յետվիրաբուժութեան խնամք» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հիւանդապահ Վիքի Հերկելեան:
Ատրպէյճանի ղեկավարը հանդիպումներ ունեցաւ ԵՄ-ի ներկայացուցիչներուն հետ:
Տանըլտ Թուսք. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում»:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին վաւերացուց Թրքական հոսք բնական կազի խողովակաշարի կառուցման ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ գոյացած էր համապատասխան համաձայնութիւնը։
Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) լրջօրէն ուժ կորսնցուցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պաղտատի մէջ Էլ Իպատի կառավարական պալատէն ներս սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Մուսուլի ազատագրման նպատակով ձեռնարկուած գործողութիւններուն։
Շուէտի կողմէ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
ԵՄ-Հայաստան նոր շրջանակային համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը հետաքրքրութեան առարկայ:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Թայլանտի նորանշանակ դեսպան Քրիանկսաք Քիթիչայսէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հարկ է նշել, որ Թայլանտի դեսպանին նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
Արցախի ճակատին վրայ առկայ լարուածութիւնը վերջին օրերուն կ՚աւելնայ հետեւողականօրէն։ Երէկ մտահոգիչ նոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հրադադարի հերթական խախտման հետեւանքով։
Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս թափ կը ստանայ նաեւ ուժանիւթի համագործակցութիւնը։ Երկու երկիրները ներկայիս հետամուտ են նոր նախագծի մը։ Ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը մեկնած է Իսրայէլ, քննարկումներ ծաւալելու առաջադրութեամբ։
ԵՄ-ի «Էրասմուս+» ծրագրին շնորհիւ հետազօտութիւնները պիտի միջազգայնանան Հայաստանի մէջ:
Եւրոպական համարկման համահունչ բարձրագոյն կրթութեան երրորդ աստիճանի որակի ապահովման համակարգ:
Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը այս տարի եւս կը կազմակերպէ նարտի մրցաշարք մը, որ 23-րդն է իր տեսակին մէջ։ Երէկ երեկոյեան միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին բացումը։
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման հետեւանքով, երէկ, Արցախի ճակատին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը եւս։ Դէպքը պատահեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը՝ երէկուան խորհուրդի հերթական նիստի արդիւնքին հաւանութիւն տուաւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին, ինչ որ նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ առկայ կարիքներու դիմագրաւման համար:
Տատեան վարժարանին հին շէնքին ու տարածքին համար սահմանուեցաւ հասութաբեր կարգավիճակ, ինչ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ վարձակալութեան պայմանագիր մը կնքելու
Առաջաւորաց պահքը սկսաւ երէկ՝ Փետրուարի 6-ին, որ կը տեւէ հինգ օր:
Առաջաւորացը առաջին պահքն է, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ եւ այդ իսկ պատճառով կը կոչուի առաջուորաց՝ առաջին:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաբանութիւնը՝ քրիստոնէական-աստուածաշնչական, եթէ մէկ կողմէ ունի համամարդկային տեսադաշտ եւ պարունակութիւն, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ առանձնայատկութիւն, ուր իւրաքանչիւր անհատ կ՚ընդելուզուի հաւաքականութեան մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ կենցաղի հետ եւ այս բոլորին ընդմէջէն՝ անոր/անոնց ապրած կեանքին ու փորձառութեան կու տայ նկարագիր եւ ինքնութիւն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աւստրալահայ քաղաքական գործիչ Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի անունը հայութեան ծանօթ դարձաւ, երբ ան վերջին տարիներուն զբաղեցուց իրերայաջորդ կարեւոր ու բարձր պաշտօններ՝ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի կառավարութեան մէջ: Իսկ վերջերս ան դարձաւ այդ նահանգին վարչապետը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ուսումնասիրել եւ ներկայացնել Եկեղեցւոյ անդամ «անձ»երու իրաւունքները եւ պարտականութիւնները՝ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր օրէնք եւ կանոններուն համաձայն։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սկսած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնը: Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան ծիրէն ներս՝ Փետրուար 1-էն սկսեալ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող թատրոններու բեմերուն վրայ (Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերու) կ՚ընթանան տօնին նուիրուած ներկայացումներ:
Երէկ, Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանը շնորհաւորեց վարչապետը՝ նշանակման ու նոր կառավարութեան ձեւաւորման կապակցութեամբ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով ցուցմունքներ տալ շարունակեց այդ շրջանի ոստիկանական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ալի Ֆուատ Եըլմազէր։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, Եըլմազէր յայտնեց, որ մահափորձի գաղափարը յղացած էր Էրհան Թունճէլ։

