Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017

«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017

​Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Դասարանի ուսուցչուհի Ժաննա Մելքոնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութեամբ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, աշակերտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Լվովի հայկական թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբալեանին ձօնուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մատենադարանի երդիքին տակ ներկայացուեցան՝ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ պատրաստուած շուրջ 40 ձեռագրեր:

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համաձայնութեան ծիրէն ներս Ս-400 հրթիռային համակարգերու նիւթը թեւակոխած է եզրափակիչ փուլը եւ հիմա կարգը եկած է ռազմաօդանաւերուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն կը ծաւալէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, Սուրիոյ առաջնահերթութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները:
Թուրքիա առայժմ յարմար չի դատեր գերման խորհրդարանականներուն այցելութիւնը՝ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Սիկմար Կապրիէլի հետ, սակայն վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ջնջեց իր հանդիպումը հիւր նախարարին հետ: Կառավարութիւնը միշտ կը շեշտադրէ իր անտեսուած զգայնութիւնները:

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրեպետին բարձր նախագահութեամբ:
Օրակարգի վրայ կը գտնուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման նախապատրաստութիւնները եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու կազմին վերանորոգումը:

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

​Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան 2016-2017 կրթական շրջանի արտադասարանային գործունէութիւններու արդիւնքները։ Խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Շիշլիի կրթական տնօրէնութենէն Էրթան Տեմիրթաշ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

​Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանաստեղծութեան երեկոյթ մը։ «Փունջ մը գեղարուեստ մեր սրտի խորքէն» խորագրեալ այս երեկոյթին ընթացքին լիսէի աշակերտները հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ հաստատուած Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը երկինք խոյացած է՝ որպէս երախտագիութեան կոթող ու վկայութիւն հայ ժողովուրդի յաղթահարած փորձութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան զուգահեռ՝ Օփերայի երդիքին տակ համերգ մըն ալ տեղի ունեցաւ ի պատիւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչին, որ իր բոլորած աւելի քան իննսուն տարիներով դարձած է կենդանի առասպել եւ հասարակաց արժէք համայն հայութեան համար: 

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար» (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Օրընճ Քաունթիի Մանուկներու եւ «Ս. Ճոզէֆ» հիւանդանոցներէն 32 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ ու օգնականներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Հայաստան կատարած երկշաբաթեայ իր առաքելութենէն։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի համար վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Շաբաթ, Յուլիսի 15-ին, Կլենտէյլի «Սիվիք Սենթըր»ի սրահին մէջ, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, տեղի պիտի ունենան «Արփա» հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած գիտաժողով եւ ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Անգարա-Պերլին յարաբերութիւնները բնականոն հունին վերադարձնելու համար կարեւոր որոնումներ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ այսօր բարձր մակարդակի վրայ շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Հռոմի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Իտալիա միջկառավարական յանձնաժողովին առաջին նիստը։ 6-8 Յունիսին տեղի պիտի ունենան աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստան-Իտալիա գործարար համաժողովը։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ճակատագրական քայլը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Սուրիոյ երկարամեայ տագնապը:
Վարչապետը կրկնեց Թուրքիոյ վերապահութիւնները:
Ուաշինկթըն զօրքերու շարժման անցնելէն առաջ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Անգարային: Ներկայիս ԻՇԻՊ-ի կապը արդէն խզուած է միւս քաղաքներուն հետ

 

Էջեր