Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մա­նո­րի խան­դա­վառ հան­դէս մը։ Դպրո­ցի սա­նե­րը յա­ջող եր­գե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց հիմ­նա­կան ա­մա­նո­րեան մաղ­թան­քը, որն էր աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ 2017-ի տա­րե­մու­տին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հան­դէս մը։ Ամ­բողջ դպրո­ցը մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց Նոր տա­րին։ Ա­մա­նո­րեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներն ու հիւ­րեր։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

Գա­րա­կէօ­զեան Տան մէջ Նոր տա­րուան առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ «Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» նո­րա­կա­ռոյց գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, դպրո­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2017 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ռո­պէ­նե­րուն Թուր­քիա հեր­թա­կան ան­գամ դէմ յան­դի­ման մնաց ցնցու­մի մը։ Ա­րիւ­նա­լի դէպք մը կրկին յե­ղաշրջեց երկ­րին օ­րա­կար­գը, ստուե­րի տակ թող­լով տա­րե­մու­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Դժբախ­տա­բար, նման ե­րե­ւոյթ­նե­րը մի­ջո­ցէ մը ի վեր ըն­թա­ցիկ դար­ձած են մեր երկ­րէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

ԿԱ­ՐՕ ՄԱՐ­ՏՈՒ­ՆԻ

Կար­միր կը փսխէ տա­րին ալ այս հին,
Կամքն իր ծան­րա­գին դեռ պի­տի տա­նինք․
Հա­մա­ձայն կամ ոչ՝ քմայքն է ա­նոր,
Պի­տի հաս­նի քեզ, տա­րին է սա նոր։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2017

ՄՈՎ­ՍԷՍ ՔԵՐ­ԹՈՂ

Այ­սօր Սուրբ Ծննդեան տօն է, ա­ւե­տիս,
Եւ մեր Տի­րոջ յայտ­նու­թեան տօնն է, ա­ւե­տիս։
    Այ­սօր ար­դա­րու­թեան ա­րե­ւը, ա­ւե­տիս,
    Մար­դոց մէջ ե­րեւ­ցաւ, ա­ւե­տիս։
Այ­սօր սուրբ, ա­նա­պա­կան կոյ­սը, ա­ւե­տիս,
Ծնաւ, բե­րաւ ան­մահ ար­քան, ա­ւե­տիս։

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԷԼ­ԶԷ ԼԱՍ­ՔԵՐ-ՇԻՒ­ԼԵՐ

Օր մը կու գաս ին­ծի ժա­մու մը ե­րե­կո­յեան, 
Յու­շիկ ան­ջա­տուած աստ­ղէս ա­մե­նա­սի­րած. 
Բեր­նիդ մէջ սի­րոյ խօսքն ակն­կա­լուած.
Բո­լոր ճիւ­ղե­րը կը սպա­սեն զարդ հա­գած:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ՆՈ­ՐԱ ՊԱ­ՐՈՒԹ­ՃԵԱՆ

Երբ կը պատ­ռես օ­րա­ցոյ­ցին այն թեր­թը, որ­մէ ետք ե­կո­ղը կը ջնջէ ան­ցա­ծին կա­րօ­տը, այն ա­տեն կ՚ու­նե­նաս իս­կա­կան Ա­մա­նոր։ կ՚ու­նե­նաս Կա­ղանդ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԼՈՒՏ­ՎԻԿ ԱՅԽ­ՌՕՏԹ

Հին տա­րին՝ մեկ­նե­լու վը­րայ 
Նո­րը թող շնոր­հա­ւոր ըլ­լայ․
Ինչ որ հի­նը դեռ չը­բե­րաւ
Նո­րով թող գայ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԼԵՌ­ՆԱ ԳԱ­ՐԱ­ԳԻՒ­ԹԻՒՔ

- Մա­մա, մա­մա, այս տա­րի ո՞վ պի­տի գայ մեր տու­նը, Կա­ղան­դը ո­րո՞ւ հետ պի­տի ան­ցը­նենք: Հա՛, ե­թէ մարդ չկան­չես՝ ես ըն­կեր­նե­րուս հետ դուր­սը պի­տի ան­ցը­նեմ: Ե­թէ դուն Կա­ղան­դը դուր­սը ան­ցը­նես՝ ես ըն­կեր­ներս կրնամ կան­չել, չէ՞, մա­մա՛: Դուք ալ կ՚եր­թաք տեղ մը, տունն ալ մե­զի կը ձգէք: Մե­զի քիչ մը ու­տե­լիք բա­ներ մըն ալ կը պատ­րաս­տես, օօ՜հհհ, որ­քան կը զուար­ճա­նանք մենք մե­զի: Կը լուսց­նենք ըն­կեր­նե­րով:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԽԱ­ՉԱ­ՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕ­ՂՈ­ՍԵԱՆ

Կը բե­րէր հայ­րըս Հա­լէ­պէն տե­սակ-տե­սակ խա­ղա­լիք­ներ,
Կը վա­ճա­ռէր, հայ եւ օ­տար պաշ­տօ­նէից բա­րե­կե­ցիկ.
Ա­րաբ Բու­նար, ե­րե­կո­յեան ժամերգու­թե­նէն տուն դար­ձին,
Ընտ­րե­լա­գոյն խա­ղա­լիք­ներն կը զա­տէր ան, տուն կը բե­րէր՝

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԻՇ­ԽԱՆ ՉԻՖԹ­ՃԵԱՆ

Այս գի­շեր եր­կին­քէն
Հրեշ­տակ­ներ վար ի­ջան,
Այս տե­սա­րա­նէն հո­վիւ­ներ վախ­ցան։
Ով հո­վիւ­ներ ե­լէք,
Բեթ­լե­հէմ վա­զե­ցէք,
Ա­ւե­տե­ցէք զի Յի­սուս ծնաւ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ՍԵ­ՒԱՆ ԼԱ­ԼԻ­ՔՕՂ­ԼՈՒ

Կա­ղանդ Պա­պան
ան­հասկ­նա­լի 
պա­տե­րուն զար­նե­լով կու գար
ներ­սէն
զար­մի­կիս հետ սե­ղա­նին տա­կը պա­հուը­տած
ա­նոր կար­միր տա­բա­տը կը տես­նէինք հի­մա:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

​Ե­րա­զե՜լ, ե­րա­զե՜լ… ան­դա­դար, ա­նընդ­հատ ե­րա­զել։ Բայց ա­ւաղ, այ­սօր մար­դիկ դադ­րե­ցան ե­րա­զե­լէ ու կ՚ապ­րին ի­րենց կեան­քը շատ միա­պա­ղաղ։ Մարդ ա­րա­րա­ծը, կար­ծես դադ­րե­ցաւ հա­ւա­տա­լէ հրաշք­նե­րուն։ Ուս­տի ժա­մա­նա­կա­կից մար­դը նմա­նե­ցաւ քայ­լող, շնչող մե­քե­նա­մար­դու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԵՈ­ՀԱՆ ՎՈԼՖ­ԿԱՆԿ ՖՕՆ ԿԷՕ­ԹԷ 

​Հի­նին մի­ջեւ,
Նո­րին մի­ջեւ
Հոս ու­րա­խա­նալն
Բախտն է որ կու տայ․
Ը­սել է ան­ցեալ՝
Վըս­տա­հու­թեամբ յար
Նա­յիլ դէպ՚ ա­ռաջ,
Հար­կաւ դէպ՚ ետ ալ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր է: Գի­շե­րը ցե­րե­կուը­նէ չի զան­զա­զա­նուիր՝ ա­մէն տեղ լու­սա­ւոր է, շող­շո­ղուն ու զար­դա­րուն: Ա­կա­մայ դուրս կը նե­տուիս, սփո­փանք մ­­՚է փնտռածդ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Լեփ­լեն­տը այ­լեւս հե­ռա­ւոր ե­րազ մը չէ հայ մա­նուկ­նե­րուն, ին­չու չէ նաեւ մե­ծե­րուն հա­մար:  Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հո­գա­ցած են ձմեռ­նա­յին զուար­ճանք­նե­րու սի­րա­հար­նե­րու նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րը եւ Կա­ղան­դէն եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ Թիֆ­լի­զի խճու­ղիին վրայ գտնուող «Ե­րա­զ» այ­գիի տա­րած­քին Լեփ­լեն­տի կրկնօ­րի­նա­կը բա­ցուած է, որ նաեւ Անդր­կով­կա­սի մէջ նմա­նա­տիպ ա­ռա­ջին վայրն է:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ան­կաս­կած, որ 2016-ը փոր­ձա­քա­րի տա­րի մը ե­ղաւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար: 
Հա­յաս­տա­նի հա­մար բնու­թագ­րու­մը սո­վո­րա­կան բնու­թագ­րում մը չէ, ո­րով­հե­տեւ Թա­լի­շի մէջ ատր­պէյ­ճան­ցիին կա­տա­րած բար­բա­րո­սու­թիւն­նե­րը, ա­պա մայ­րա­քա­ղաք 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հար­ցում. Նոր տա­րի տօ­նե­լը քրիս­տո­նէա­կա՞ն է:
Պա­տաս­խան. Կ­՚ապ­րինք մեծ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, ուր բազ­մա­զան եւ բազ­մա­թիւ օ­րէնք­ներ ու սո­վո­րու­թիւն­ներ կան, ո­րոնց այս­պէս կամ այն­պէս, որ­պէս քրիս­տո­նեա­ներ, ան­պայ­ման կ՚ա­ռըն­չուինք:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016

Օ­րա­ցոյ­ցի վեր­ջին էջն ալ կը թեր­թենք եւ այ­սօր կէս գի­շե­րին հրա­ժեշտ կու տանք ներ­կայ տա­րուան։ Ան կը յանձ­նենք պատ­մու­թեան ու կ՚ող­ջու­նենք 2017 թուա­կա­նին գա­լուս­տը։ Հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս ա­նընդ­հատ կրկնու­թիւն մըն է նոր տա­րի մը դի­մա­ւո­րե­լը, իսկ միա­պա­ղա­ղու­թիւ­նը կու գան կան­խել՝ բա­րի ցան­կու­թիւն­նե­րը, դրա­կան սպա­սում­նե­րը, ազ­նիւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը, կարճ խօս­քով, յոյսը...

Էջեր