Արխիւ
Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով գործունէութիւն կը ծաւալէ, այս տարուան գրական մրցանակը շնորհեց ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանին։
Պաքու կը շարունակէ յամառօրէն օրակարգի վրայ պահել Երեւանին հասցէագրուած պահանջը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով իտալական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկրի նուիրական պարտքն է ապահովել՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը նոյնիսկ տեսականօրէն անհնարին դարձնէ ապագային իր երկրին դէմ տարածքային պահանջներու ներկայացումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ գագաթաժողովին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Նիւ Եորք, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը գտնուին, երէկ Ջրվէժի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններու։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Մայր Տաճարի ամրակայումէն վերջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած վերաօծման յաջորդած այս առաջին կիրակի օրը պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այս օրերուն կը մասնակցի Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի 16-րդ հերթական ընդհանուր ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ հոկտեմբերի 26-ը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի մէջ շղթայազերծուած արիւնալի ու ողբերգական պատերազմը արդէն տարի մըն է կը շարունակուի:
«Համաս» այսօր առաջուան ուժը չունի, սակայն արմատախիլ չէ, ապագային կրնայ վերարտադրուիլ: Ամերիկեան ղեկավարութիւնը կը ջանայ իր հանրութիւնը համոզել, թէ այդքան ալ խանդավառ չէ Նեթանիյահուի կերպարով: Իսրայէլի կառավարութեան ընթացքը կ՚ենթադրէ բացարձակ պարտութիւն մը՝ մինչ ԱՄՆ-ի որոշ հրէական շրջանակներն ալ կը դիտարկեն նոյնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամիսը մեր ժողովուրդը նուիրած է մշակոյթին: Մշակոյթը չի սահմանափակուիր տարուան մէկ ամիսով, որովհետեւ մշակոյթ մը միշտ կայ՝ այնքան ատեն որ կայ զինք կրող ժողովուրդը: Այս լոյսին տակ, այսօրուընէ սկսեալ եւ յառաջիկայ շուրջ երկու շաբաթներու ընթացքին, թերթիս մէջ պիտի հրապարակենք յօդուածաշարք մը՝ նուիրուած մշակոյթին եւ անոր առնչուող նիւթերու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդ անպայման ունի որոշ կողմեր, որոնք կը փափաքի փոխել: Մարդը յատկապէս կ՚ուզէ փոխել այն կողմերը, որոնք բացասաբար կ՚անդրադառնան իր, իր կեանքի եւ շրջապատի վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դարերէ ի վեր անորոշութիւններու՝ անստուգութիւններու՝ ցաւերու եւ զրկանքներու բեռին տակ հեծող ժողովուրդներ՝ նոր կեանք եւ նոր հոգի ստացան Յիսուսի գետայորդող մխիթարութիւններէն, անոր փրկաբաշխ շնորհներէն, եւ Աւետարանի քարոզութեան ունկնդիրները Երկնաւոր Հօր խանդաղատանքը կը զգային իրենց մէջ, եւ հոգեւոր կեանքով մը կը վերածնէին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նախընթաց օրուան մեր «Փրկեցէ՛ք թատրոնը» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք նահանջի մէջ գտնուող հայ թատրոնի մասին, սակայն այսօր կու գանք ըսել, որ իրականութեան մէջ թատրոնը չէ՛ որ կը կորսուի, այլ պարզապէս մարդոց սպասումներն ու հետաքրքրութիւնները փոփոխութիւն կ՚արձանագրեն. մարդիկ այսօր թատրոնի մէջ արուեստ չեն փնտռեր. այլեւս այդտեղ նշանակութիւն չունի նիւթն ու միտք բանին, գաղափարն ու զգացումը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկած չունինք, թէ թատրոնը մշակոյթի ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկն է, կենդանի արուեստ մը, որ կը գերազանցէ ժամանակը: Մշակութային երես մը, որ իր զանազան ձեւերով կեանքն ու ընկերային կեանքը կը ներկայացնէ հանդիսատեսին, կապ մը ստեղծելով մարդուն եւ մարդուն միջեւ, փոխանցելով գաղափարներ, զգացումներ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Կը յիշէ՞ք, երբ 2022-ի սեպտեմբերին Հայաստան այցելած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան այն ժամանակուայ խօսնակ Նենսի Փելոզին, ի՜նչ ոգեւորութիւն տիրած էր հայկական «արեւմտամէտ» շրջանակներուն մէջ՝ վերջ, փրկուած ենք, Ալիեւ այլեւս երբեք չի համարձակիր դիմել ուժային գործողութիւններու:
«Ոգեղէն իրեր. Մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գանձերը» խորագրեալ ցուցահանդէս:
Հայկական զարդարուեստի ընտիր նմոյշները փառաշուք տողանցքի մը ձեւով ներկայացուեցան արուեստասէր այցելուներուն:
Նուպար Աֆէեան. «Կը յուսանք աւելի պայծառ ապագայ մը կառուցել՝ նորարար գաղափարներով»:
«Հայաստան 2041» հիմնադրամը հետամուտ «Ուժեղ սփիւռք» ծրագրին՝ ժառանգութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար:
ՆԱԹՕ-ի միջազգային ռազմական սպայակոյտի պետ զօրավար Եանուշ Ատամչաքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը նախընթաց օր աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեանի հետ։
Հայ շարժանկարի սիրահարները տեւական դադարէ վերջ վերագտան իրենց հիմնական ժամադրավայրը:
«Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճը ամբողջութեամբ վերազինուած ու վերաբեռնաւորուած է՝ պատմական համալիրէն ներս:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի տարեկան մատաղօրհնութեան, որ նախատեսուած է նոյեմբերի 17-ին։ Աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները այցելեցին Պատրիարքարան։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացումը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։