Արխիւ
Անգարայի ղեկավարութիւնը այս օրերուն ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Թուրքիա, որ Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր շատ վճռական դիրքորոշում որդեգրած է, այս փուլին եւս իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինին։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«ScienceNewsExplores» կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձ կը կատարուի մարդկային յարաբերութիւններուն, մարդամեքենաներու արագ տարածումին եւ այս ծիրին մէջ մասնագէտներու վերջին ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մատենագէտները կը շարունակեն հետազօտական աշխատանքը՝ Թուրքիոյ գրադարաններուն մէջ՝ ուսումնասիրելով այդ կառոյցներէ ներս պահուող հայերէն հատորները եւ այդ ընթացքին յայտնաբերերով հայ մասնագէտներուն անծանօթ գիրքեր՝ կը կատարեն ճշգրտումներ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ամմօ Կայծակենց տունը ուրիշ էր արդէն… Տուն էր իր բոլոր իմաստներով։ Հոգատարութիւնը, համով ճաշերը, թանթիկ Արփիկին «յատուկ» ուշադրութիւնը եւ մանաւանդ՝ ամմօ Կայծակին «յատուկ» սրամտութիւնները։
Հաւաքեց եւ Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին տարիներուն Հայրենիքը՝ Հայաստան աշխարհը ծանր ու դաժան տարիներ կ՚ապրի: Մղձաւանջի մը մէջ ենք, որ կարծես վերջ չունի կամ վերջ պիտի չունենայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի Զուք ելեկտրակայանը՝ պատերազմական ու տնտեսական անելանելի իրավիճակի խորհրդանշան:
Թէեւ շարժիչները անջատուած են, սակայն, անոնց ժամանակաւոր օգտագործումով կ՚արտանետուին երկար ազդեցութեամբ թոյներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրով Յիսուս կը պատուիրէ սրտի խաղաղութիւնը եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։
Արդարեւ, «բարկութիւն»ը փափաք մըն է ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան։ Եւ «վրէժխնդրութիւն բաղձալը պատժի արժանացած մարդուն գործած գէշութեան համար, ապօրինի է», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Միւս կողմէ, Անթիլիաս իր յարգանքը կը ցուցաբերէր Ս. Աթոռ Էջմիածինը «նախամեծար» անուանելով. Անթիլիաս նեղացած չէր, որ իր կաթողիկոսը՝ Գարեգին Բ. մեկնելով Էջմիածին դարձած էր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այժմ, մենք կը պատրաստուինք ներկայ գտնուելու յեղափոխական վտանգաւոր համագումարներէն մէկուն, որ տեղի պիտի ունենայ տարածաշրջանի երկիրներէն մէկուն մէջ, ուսումնասիրելու համար՝ թէ իրենց ժողովուրդները ի՛նչ դժուարութիւններ կը կրեն եւ սերունդներէ ի վեր ի՜նչ կ՚երազեն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Foreign Policy» Կարմիր ծովը խոշորացոյցի տակ կը պահէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ պայմաններով:
Մինչ Հուսիներու աստղը կը փայլի, բեռնատար նաւերու պարագային մտահոգութիւնները հետզհետէ կը խորանան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց Հայրապետական իշխանութեան կեդրոնը Վաղարշապատն էր, ինչպէս՝ հայոց քաղաքական իշխանութեան կեդրոնը։ Բայց, որովհետեւ, հայոց հայրապետները միանգամայն արքունի դրան եպիսկոպոս էին, ուստի յաճախ այնտեղ կ՚ըլլային՝ ուր արքունի բանակն ալ կը գտնուէր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Նոյն խանդավառութիւնը կար նաեւ Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի մէջ. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ լոյս տեսնող «Էջմիածին» պաշտօնական ամսագիրը իր 1995 ապրիլ ամսուան թիւին մէջ Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը կոչէր «միասնաշէն» ու «միութենակերտ» Հայրապետ, որ պիտի յաջողէր ապրեցնել «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ եկեղեցի» իտէալը:
Գնալըի բարձունքին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէ՝ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող շաբաթը մասնաւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Քանի որ Ողիմպիական խաղերու բացման հետ կապուած աղմուկը շատ էր, որոշեցի ուշացումով նայիլ «խնդրայարոյց» դրուագին:
Մեծ յարգանք ունիմ այդ ներկայացման մէջ վիրաւորանք նկատած քրիստոնեաներուն ու մահմետականներուն հանդէպ, բայց կապոյտ Տիոնիսի կերպարին եւ անոր նուիրուած տօնակատարութեան մէջ Լէոնարտոյի «Վերջին ընթրիքի» ակնարկ չտեսայ ես:
Թուրքիա-Սուրիա հաւանական բնականոնացումը կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ այս շրջանին կը սպասուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներու։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Շաբաթ մը գոնէ պէտք էր հիւանդանոց մնայի։ Այդպէս էր օրէնքը։ Ինչպէս յիշեցի, Արամը ամէն օր կ՚այցելէր ինծի, նոր տեղական չստիկ մը բերաւ, որ աչքի չզարնէ եւ մաքրամաքուր մաքրող կինը աչքը վրան չտնկէ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Տարազֆեստ-2024»ը, որով արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն։ Հայկական տարազներու այս փառատօնը, որ վեցերորդն էր իր նմաններուն մէջ, կազմակերպուած էր «Տէրեան մշակոյթի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքը միշտ բանուկ է՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամենաբարձր մակարդակի վրայ միշտ շփման մէջ են՝ միջազգային թէժ օրակարգի հարցերուն կապակցութեամբ։
Երէկ երեկոյեան Գնալըի բարձունքին «Աւետիկ Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը համախմբեց շարք մը հետաքրքիրներ։ Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ հեղինակուած այս գործը միջոցէ մը ի վեր կ՚արժանանայ ուշադրութեան եւ ի շարունակութիւն երէկ երեկոյեան տեղի ունեցածը ձմրան շրջանին կազմակերպուած շնորհանդէսի կրկնութիւն մըն էր։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն մին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն. ոչ եւս է տոց. Վահէ Ալիքսանեան։ Բօթը հասաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց թէ՛ նորոգ հանգուցեալ տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ընտանիքին եւ թէ ամբողջ համայնքային շրջանակներուն։