Արխիւ
Հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ աշխուժօրէն կ՚աշխատի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ երկու երկիրները աշխուժօրէն կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Վաղը երեկոյեան CRR-ի մէջ տեղի կ՚ունենայ յոբելենական համերգ մը՝ Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունին, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքս։ Շահան Արծրունի այս անգամ բարենպատակ ծրագրի մը համար Իսթանպուլ կ՚այցելէ եւ, ինչպէս միշտ, կեցութեան առիթը ծառայացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ողջունելու։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս օրերուն իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսպէս, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի նորանշանակ պատասխանատու Տամի Պէն Խայիմ երէկ այցելեց Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Այս կորուստը ցաւ ստեղծած է եկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ մինչ Պատրիարքական Աթոռը անմիջապէս տեղեակ պահած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Պաքուի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները միշտ արծարծուած կը պահեն «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծը Պաքուի կողմէ կը համարուի բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ։
Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ առանցքին վրայ վերջին շրջանին առաջնահերթութիւն դարձած է Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Անգարա-Ուաշինկթըն բարձր մակարդակի բոլոր շփումներէն վերջ կը յայտարարուի, որ տարածաշրջանը ուշադրութեան կիզակէտին գտնուած է։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իգնատիոս-Եփրեմ Բ. Պատրիարքին հետ։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աթշանէի վանքին մէջ։
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան յառաջիկային մասնաւոր վարդապետական աստիճան պիտի ստանայ։ Ան «Կրօնական հանդէսներ եւ «Հայ խօսնակ» ամսաթերթը իր նիւթերով» խորագրեալ աւարտաճառ մը յանձնած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
«Արաս» հրատարակչութիւնը այս շրջանին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վահրամ Թորգոմեանի (1858-1942) յուշերուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Պոլսահայ բժիշկի մը յուշերը, 1860-1890» խորագրեալ՝ յուշերու ֆրանսերէն թարգմանութեան հիման վրայ, Ալեւ Էրի կողմէ պատրաստուած է թրքերէն թարգմանութիւնը։
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ կրկնուեցաւ «Զահրատ-100» հատընտիրին շնորհանդէսը։ Անմոռանալի բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած է այս հատորը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։
Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի այցելեց Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը:
Անկլիքան եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ուխտի աղօթք մըն ալ կատարեց պատրիարքանիստ տաճարէն ներս:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ո՞վ կը յիշեցնէ մեզի Պաղեստինի կորուստէն մինչ օրս հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւն մը, որեւէ մէկ քայլի, կամ ժողովի, կամ երկխօսութեան աւարտին, ոեւէ մէկ արաբ պաշտօնեայի կամ կողմի եւ ոեւէ մէկ օտար պաշտօնեայի կամ կողմի միջեւ, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, մարզանքի մասին, ուր անպայման երկու կողմերը հաստատած չըլլան, թէ՝ «երկխօսութիւնը շինիչ ու արդիւնաբեր էր, կողմերուն տեսակէտները իրարու համակարծիք էին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնական ամոլը կը կազմէ՝ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ իրեն յատուկ օրէնքներով օժտուած մտերմիկ հասարակութիւն մը՝ կեանքի եւ սիրոյ։ Ան հաստատուած է կողակիցներուն «ուխտ»ին վրայ, այսինքն անոնց անձնական եւ անյետսկոչելի հաւանութեան վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր արդէն հասած ենք անգլիացի բանաստեղծ Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան վերջին մասը. այս բանաստեղծութիւնը այս մեր գրութեան մէջ ներառեցինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ յաջողութեան հասնելու համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութենէն մէկն է եւ մեր մտաւորականներէն Մուշեղ Իշխան այնպէս թարգմանած է, որ յաջողած է հայկական շունչ մըն ալ տալ անգլիացի մտաւորականին բանաստեղծութեան:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ ՔՊ-ականներուն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) հարցնես, ապա 2018-2023 թուականներուն Արցախի հետ կապուած ամէն ինչ հոյակապ էր, այդ հայկական պետութիւնն ու անոր բնակիչները ոչ մէկ խնդիր ունէին, Փաշինեանի խումբի հմուտ ղեկավարութեամբ կը փթթէին ու կը բարգաւաճէին։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՚այցելէ Հնդկաստան. պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ:
Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Նարենտրա Մոտի քննարկեցին Փարիզ-Նիւ Տելհի համագործակցութեան հեռանկարները:
Արարատ Միրզոյեան եւ Աննալենա Պերպոք կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի վիճակին շուրջ:
Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վրայ տարուած աշխատանքը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին:
Պրազիլիոյ նախագահ Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվայի հիւրընկալմամբ, Ռիոյի մէջ կազմակերպուած Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ այսօր կ՚եզրափակուի, դարձաւ մեծ հարթակ մը, ուր միջազգային յառաջատար դերակատարներու մասնակցութեամբ քննարկուեցան համաշխարհային թէժ օրակարգի խնդիրները։