Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձր պաշտօնատարներու շարքին երէկ կատարուեցան կարգ մը փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոս Պապայեան Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի եւ Մայրավանքի տեսուչի պարտականութիւններէն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսունութերորդ օրն է:
Պահքը իրեն միշտ ընկերակից ունի փորձութիւնը: Ասոր ամենէն վառ օրինակը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կրած փորձութիւնն էր, որ Իր պահեցողութեան վերջին օրերուն ունեցաւ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրեր առաջ, երեւանաբնակ մտերիմ ընկերներէս եւ անկեղծ բարեկամներէս մէկէն նամակ մը ստացայ առ ի պատասխան վերջերս մամուլին մէջ նոր լոյս ընծայած յօդուածիս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնեան ստուգիւ այն անձն է, որ գիտէ համբերել։ Պօղոս առաքեալ համբերութիւնը առընչակից կը ներկայացնէ սիրոյ. «Սէրը կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի». (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 7)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկ լոյս տեսած մեր «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հաշտութիւնը» խորագրեալ յօդուածին լոյսին տակ, այսօր կ՚ուզենք անդրադառնալ ժողովուրդի ունեցած մօտեցումին մասին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ պետութեան մը որոշումներն ու քաղաքականութիւնը՝ մանաւանդ ժողովրդավար երկիրի մը մէջ պարտի հայելին ըլլալ ժողովուրդի կամքին ու ձգտումներուն՝ եւ ո՛չ սեփական շահերու վրայ հիմնուած որոշումներու:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբ խօսնակ մը. Արաբ ժողովուրդը մէկ մարդու նման բռնկելէ եւ իր անկախութիւնը՝ քրտինքով, արցունքներով եւ արիւնով ձեռք բերելէ ետք: Ինչպէս նաեւ մեր երկրէն բռնապետութիւնը վռնտելէ ետք:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Ինձ ժողովուրդը ընտրած է՝ ինչ կ՚ուզեմ, կ՚ընեմ»: Սովորաբար այսպէս իրենց կամայականութիւնները կ՚արդարացնեն օթորիթէր վարչակարգերու բոլոր ղեկավարները՝ ներառեալ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ:
Կազզէի պատերազմը աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր ընթացքի մէջ է։ Ըստ ՄԱԿ-ի տեղեկագրերուն՝ այնտեղ սովը հասած է գագաթնակէտին։ Պաղեստինցիներ, որոնք կը ջանան դաժան պայմաններու մէջ վերապրիլ, արդէն պաշտօնապէս սովի վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուին։
Երեւան կ՚ակնկալէ ՆԱԹՕ-ի հաստատակամ աջակցութիւնը՝ Պաքուի հետ հաշտութեան գործընթացին համար:
Սթոլթենպերկի խօսքով՝ Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքը կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոն թուայնացուեցաւ եւ ցուցակագրուեցաւ ԱՄՆ-ի մէջ:
Հիլլի ձեռագրաց միջազգային հեղինակութեամբ թանգարանին կողմէ կեանքի կոչուած նախագիծը կ՚ապահովէ արժէքաւոր սկզբնաղբիւր մը՝ Օսմանեան կայսրութենէն ներս հայոց կրօնական եւ ընկերամշակութային կեանքին վերաբերեալ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքն ու անդամներէն Վոլքան Արատը։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ կը շարունակուին բազմակողմանի ձեռնարկները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը աշխատանք կը տանի ծրագիրներու զանազանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։
Ալիեւ կը խօսի բանակցութիւններու աշխոյժ փուլի, իսկ Փաշինեան նոր պատերազմի մը վտանգին մասին:
Եէնս Սթոլթենպերկ. «Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական համագործակցութիւնը նպաստաւոր է ՆԱԹՕ-ի համար»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահքի երեսուեօթներորդ օրն է:
Վարդան Այգեկցին կը գրէ. «Պահքը ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է Աստուծոյ մօտ բարձրանալու համար։ Պահքը լայնատարած կամուրջ է, նաեւ ելքի ճանապարհ՝ դէպի երկինք տանող»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու Մահիր Փոլատը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս պոլսահայ մամուլին տեղեկացուցին, որ հարցախոյզի մը աշխատանքները սկսած են համայնքէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր համայնապատկերը ուրուագծելու համար սկսած է այս աշխատանքը, որ յառաջ կը տարուի Պատրիարքարանի «Հաղորդակցութեան խմբակ»ին կողմէ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ո՞վ ես դուն,
կը հարցնեմ յաճախ բոլորին,
ծանօթին ու անծանօթին,
ու տարիներու թաւալումէն շուարած սիրտս,
յուշերուս դիմաց,
անուշ ու հաճելի նոր բաբախում մը կ՚ապրի,
մինչ միտքս, իր արդար խոյանքով,
նոր յոյսերու եւ խինդերու ակեր կը ծնի:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Թուրքիա-Եւրոպա համագործակցութեան արդի պատմութիւնը կը սկսի 1963-ին, երբ Թուրքիա արդէն այդ ժամանակուայ կազմաւորուած եւրոպական տնտեսական կառոյցին համագործակցող անդամ էր՝ համանախագահ տասն անդամ եւրոպական երկիրներու կողքին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Այսօրուան աշխարհը անարդարութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն է: Մարդիկ ամէն ինչի մէջ կը փորձեն խաբել եւ այդպիսով աւելի գումար ստանալ: Կը պատճառաբանեն, թէ պայմանները դժուարացած են, եւ այլն: Այս պատճառաբանութիւնները իրաւացի՞ են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանցի տաղանդաւոր արուեստագէտ-նկարիչներ Դիլաքեան եղբայրներուն՝ Յովհաննէս եւ Գագիկ Դիլաքեաններուն, Հայաստանի մէջ մեծ-փոքր գրեթէ ամէն մարդ գիտէ: 1976 թուականին անոնց ստեղծած մէկ գործը՝ «Գտնուած երազ» մանկական շարժապատկերը, մինչեւ հիմա կը ցուցադրուի եւ դարձած է ամենասիրուած հայկական մանկական շարժանկարը: